Կը Բացուի Լիբանանահայ Նկարչուհի Լենա Այտընեանի Նախաձեռնութեամբ «4 Սերունդ. Վճռականութեան Ոգին» Խորագիրով Ցուցահանդէս-Վաճառքը

Յուլիս 7-ին, ժ.17:00-ին Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ կը բացուի լիբանանահայ նկարչուհի Լենա Այտընեանի նախաձեռնութեամբ «4 սերունդ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքը (հասցէ` Արգիշտիի 1/1):

Ցուցահանդէս-վաճառքը կ’իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ իրականացուող «Թէքէեան» մշակութային միութիւններու հիմնադիր մարմնի (Լիբանան) 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Կը ներկայացուին Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Թանիա եւ Լենա Այտընեաններու, ինչպէս նաեւ Սելին Չաղլասեանի կտաւները:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս ցուցահանդէս-վաճառքէն գոյացած հասոյթի մէկ մասը կը տրամադրուի Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Ցուցահանդէս-վաճառքը կը գործէ յուլիս 7-10:

Scroll Up