ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Տէր Տիրատուր Քահանայ Սարդարեանը

Յունուար 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ երկրամասի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանը:

Նախարարը բարձր գնահատեց Տէր հօր ծաւալած ազգանպաստ գործունէութիւնը` շեշտելով այն փաստը, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան կարեւոր գործօններէն մէկն է:

Տէր Տիրատուրը նախարարին ներկայացուց Հայաստանի մէջ գտնուելու իրենց առաքելութեան բուն նպատակը, այն է` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Արցախի անապահով ընտանիքներուն օգնութիւն տրամադրելը:

«Սուրբ Ծնունդը սիրոյ եւ ջերմութեան տօն է, մենք պէտք է թո՛յլ տանք, որ Մանուկ Յիսուսը ծնուի մեր մէջ, այլապէս անիմաստ կ’ըլլայ այդ տօնը»,-իր խօսքին մէջ ըսաւ քահանան:

Տէր հայրը նախարարին ներկայացուց Արցախի անապահով ընտանիքներուն իրենց ցուցաբերած 26 թոն օգնութեան մասին` սնունդի եւ հագուստեղէնի տեսքով` աւելցնելով, որ այն շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:

Հանդիպման աւարտին Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեան Սփիւռքի նախարարին հետ քննարկեցին յետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ այսուհետ երկուստեք աւելի սերտօրէն կը համագործակցին Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման շուրջ:

 

 

Scroll Up