ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Սփիւռքի Նախարարութեան

«Հայերն այսօր»-ը նախապէս պատմած էր 80-ամեայ հայրենադարձ Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանի մասին, որ ղարաբաղաատրպէյճանական շփման գիծին վրայ Ապրիլեան քառօրեայի  դէպքերէն  այնչափ ազդուած, ցանկացած էր ձեւով մը իր մայրական սրտի գորովանքը հասցնել սահմանները պաշտպանող մեր զինուորներուն`  հագուստի կտորներէ բաղկացած կապոցներ ուղարկելով:

Մօտ մէկ ամիս առաջ, երբ Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան հիւրընկալուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ (ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զինք պարգեւատրեց նախարարութեան պատուոգիրով),  քանի մը կապոցներ յանձնեց նախարարութեան` Հայոց բանակի զօրամասեր ուղարկելու խնդրանքով: Այդ կապոցները Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ հասցուեցան սահմանամերձ զօրամասեր:

Օրերս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ԼՂՀ ՊԲ N զօրամասի հրամանատար Ա. Հայրիյեանէն ստացած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին հասցէագրուած նամակ, որ «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ առանց խմբագրման.

Յարգելի՛ տիկին Յակոբեան

Յայտնում եմ Ձեզ, որ մեզ են հասցրել տիկին Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանի մեր զօրամասի ժամկետային զինծառայողների համար նախատեսուած 60 փաթեթ հագուստեղէնը:

Թոյլ տուէք մեր շնորհակալական խօսքը յայտնել Ձեզ եւ տիկին Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեանին` սահմանամերձ զօրամասերի զինուորների համար նման հայրենանուէր գործի` որակեալ հագուստեղէն ուղարկելու համար:

Ձեր ուղարկած հագուստեղէնը բաժանուել է մեր զօրամասի զինուորներին, որոնք պաշտպանում են մեր հայրենիքի սահմանները:

Յարգանքներով`

ԼՂՀ ՊԲ N զօրամասին հրամանատար, փոխգնդապետ Ա. Հայրիյեան

 

%d5%bd%d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b6-%d5%a2%d5%a1%d5%bd%d5%b4%d5%a1%d5%bb%d5%b5%d5%a1%d5%b6

Scroll Up