Յայտարարութիւն. ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն
Սիրով եւս մէկ անգամ կը տեղեկացնենք, որ նախարարութիւնը սկսած է «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը:
Այս նպատակով կոչ կ’ուղղենք սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն, որ 2017թ.ին կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկները նուիրեն Արցախին (փառատօներ, մշակութային երեկոներ, մրցոյթներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ, Արցախեան օրեր, նամակ հայ զինուորին եւ այլն)։
Իրականացուող ձեռնարկները պիտի հրապարակուին Նախարարութեան բացած ֆէյսպուքեան էջի https://www.facebook.com/What-Are-You-Doing-For-Karabakh-210724346004569/ եւ «Հայերն այսօր» էլ. լրատուական կայքի համապատասխան բաժնի մէջ՝ http://old.hayernaysor.am/cl/archives/category/դու-ինչ-ես-արել-ղարաբաղի-համար
Միացէ՛ք մեր համահայկական նախաձեռնութեան։
Մենք կը հաւատանք, որ միասնական ներուժով առաւե լ կը հզօրացնենք Արցախը՝ եւ նեցուկ կ’ըլլանք այնտեղ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ