«ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՐԵՔ ՈՐԴԻՈՎ ՍԵՂԱՆ ՆՍՏԻՆՔ»
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԾԽԱԽՈՏԻ»
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԵԿԷ՛Ք ՀԶՕՐԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ»
«ՀԱՅ Է ԱՆ, ՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՅ»
«ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷՆ ԲԱՑԻ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ ՇԱՀ ՍՏԱՆԱՅ»
«ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ, ՏԷՐՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵՔ»
«ՔՈՒ ՏԱՂԱՆԴԷԴ, ՇՆՈՐՀՆԵՐԷԴ ԱՓ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈ՛ՒՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ»
«ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«ԱՌՆՎԱԶՆ 3 ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆԳՍՏԱՑԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ»
«ԳԾԷ՛ ՏՈՀՄԱԾԱՌԴ»
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՒՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ»
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵՒ «ԵԱՆ»-Ը ՔՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ» Պ. ՍԵՒԱԿ
«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» Ե. ՉԱՐԵՆՑ

«Արի Տուն-2017». Հայոց Լեզուի Ուսուցման Դասընթացքի Ուսուցիչները` Արիտունցի «Աշակերտներ»-ուն Մասին

Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն հայերէնն է: Ճոխ է հայոց լեզուն, եւ առատօրէն կը վարձատրուի ան, ով կ’ուսումնասիրէ զայն:

Յուլիս 3-ին աւարտեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի 2-րդ փուլի Հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացքը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մոսկովեան խումբը, որուն ուսուցչուհին Լուսինէ Հայրիյեանն էր, կ’առանձնանար ուսումնատենչ երեխաներով, որոնք ջանք ու եռանդ չէին խնայեր մատուցուող նիւթը ընկալելու եւ սերտելու համար: Երեխաներուն մէկ մասը իրականացուց գրաճանաչ դառնալու իրենց բաղձանքը եւ ամբողջովին իւրացուցին հայոց այբուբենը, իսկ միւս մասը ծանօթացաւ արդի հայերէնի ուղղագրական կանոններուն:

Մոսկուայի «Վերածնունդ» կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Շողիկ Փահլեւանեան կը յայտնէ իր խորին շնորհակալութիւնը Սամարայէն, Ուֆայէն, Սուրկուտէն, Տուերէն, Մինսքէն, Ռոստովէն, Ս. Փեթերսպուրկէն, Օմսկէն, Գրասնոյարսկէն, Իւանովոյէն եւ Ախալցխայէն եկած արիտունցիներէն կազմուած դասարանի «աշակերտներ»-ու ծնողներուն` այսքան հայեցի, հայրենանուէր երեխաներ դաստիարակելու համար, որուն վառ արտացոլումն էր անոնց կողմէ պատկերուած տոհմածառը, որուն արմատը հայրենիքն է` Հայաստանը, իսկ ճիւղերն ու տերեւները` իրենք: Այդ երեխաներէն 13-ը դարձան գրաճանաչ ու խոստացան` կը փորձեն այնպէս ընել, որ իրենց գծած տոհմածառը նորանոր ճիւղեր տայ, որպէսզի հայ ազգը շատնայ:

Հունգարիայէն ժամանած խումբի երեխաները հինգ օրերուն ընթացքին հասցուցին իւրացնել հայերէն տառերը, հաղորդակից դարձան հայերէնի խօսակցական բառապաշարին: Աւելցնենք, որ Հունգարիայէն ժամանած եօթ երեխաներուն համար Մարիամ Սարգսեան հայերէնի առաջին ուսուցչուհին դարձաւ: Իսկ Թուրքիայէն ժամանած պատանիներն ու աղջիկները, ի ուրախութիւն մեզի, գրաճանաչ էին եւ այս օրերուն ընթացքին ծանօթացան արեւելահայերէնի ուղղախօսական եւ ուղղագրական առանձնայատկութիւններուն:

Վիրահայերն առանձնապէս հետաքրքրուած էին հայոց պատմութեամբ, ուստի ուսուցչուհի Լենա Թաթոսեանը հայոց լեզուի դասընթացքը համեմեց հայոց պատմութեան յիշարժան էջերով: Իսկ վիրահայերու միւս խումբը, որուն ուսուցչուհին Գայեանէ Բարսեղեանն էր, քանի որ կը տիրապետէր հայերէնին, աւելի խորացուց գիտելիքները հայերէնի երկհնչիւններու, շարադասութեան եւ  բայական համակարգի:

Ուսուցչուհի Անի խալաթեան կը հաւաստէ, որ հայոց լեզուի ուսուցումն իրակացուցած է երկու փուլով` տեսական եւ գործնական:

Այս փուլին մասնակցող երեխաներուն այցելութեան եկած համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ պարոն Գագիկ Գեանջումեանին երեխաները ուղիղ եւ ազնիւ պատասխաններ տուին ու իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին դասընթացքի ընթացքին մեսրոպեան այբուբենին տիրապետելու, իրենց գիտելիքներու պաշարը հարստացնելու համար:

Scroll Up