«Շնորհակալութիւ՛ն, Հայաստան, Շնորհակալութիւ՛ն, Սփիւռքի՛ Նախարարութիւն». Մարիա Ղըտտէ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի իւրաքանչիւր փուլի աւարտ կը նշանաւորուի Աղաւնաձորի գեղատեսիլ բնութեան գիրկին մէջ ճամբարային առօրեայի անմոռանալի օրերն ամբողջացնող ձեռնարկով ու հրաժեշտի խարոյկով, որուն ընթացքին սփիւռքահայ պատանիներուն ու աղջիկներուն իր ջերմ բարեմաղթանքը կը յղէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, այնուհետեւ կը սկսի «Արի տան» մասնակիցներուն եւ անոնց կազմակերպիչներուն կողմէ պատրաստուած բուն ձեռնարկը: Իր տրամաբանական ու գեղեցիկ, յուզիչ աւարտն ունեցաւ նաեւ 2-րդ փուլը, որուն մասնակիցներէն քանի մը անձի հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալած փոքրիկ, թերեւս փոքր-ինչ վեհերոտ հարցազրոյցներուս ընթացքին անգամ ունկնդիրն ու ակնդիրը եղայ անոնց յուզուած ձայներու ելեւէջներուն, անոնց աչքերուն մէջ շողացող անթաքոյց ուրախութեան:
Մարիա Ղըտտէ, 15 տարեկան, Քուէյթ
-Եկած եմ Քուէյթէն, երրորդ անգամ Հայաստան կու գամ: Մինչեւ առաջին անգամ Հայաստան գալս` լսած էի, որ Հայաստան լեռնային գեղեցիկ երկիր մըն է, որ գողտրիկ ու առեղծուածային բնութիւն ունի, որ այն աշխարհի հնագոյն երկիրներէն է, որ Հայաստան թանգարան է` բաց երկնքի տակ:
Ծնողներուս եւ իմ ցանկութեամբ այստեղ եմ: Մայրս հայուհի է, հայրս` սուրիացի արաբ, սակայն մեր ընտանիքէն ներս հայերէն կը հնչէ: Հայրս շատ կը սիրէ հայերն ու հայոց լեզուն. ի՛նքը կը խրախուսէ, որ չմոռնանք հայերէնր, եւ ինք նոյնպէս կը սորվի հայերէն: Հայրս յորդորած է զիս յաճախել հայկական պարի խումբ: Կ’երազեմ մշտապէս ապրիլ Հայաստանի մէջ, շատ մեծ ցանկութիւն ունիմ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու Հայաստանի մէջ: Չեմ գիտեր` որքանով կ’իրագործուին իմ ցանկութիւններս ու երազանքներս, սակայն ես գիտեմ, որ իմ ընտրած մասնագիտութեամբս, ուր ալ, որ ըլլամ, բարձր պէտք է պահեմ հայու պատիւը: Քուէյթի մէջ կը յաճախեմ տեղի միակ հայկական դպրոցը` Քուէյթի ազգային վարժարան, ուր մայրս ուսուցչուհի է. ան արաբերէն կը դասաւանդէ: Բացի հայկական պարախումբ յաճախելէն` ես նաեւ կ’երգեմ հայկական երգեր, կը ձայնագրեմ իմ երգերս եւ կը տեղադրեմ սոցիալական ցանցերու մէջ: Շատ կ’ուզեմ երգի ճանապարհով երթալ: Ես եղբայր մը ունիմ` Ապպուտը, որ ինծմէ շատ աւելի լաւ կը խօսի հայերէն: Շատ ուրախ եմ, որ կը մասնակցիմ այս ծրագիրին. հիացած եմ տեսարժան վայրերով, բայց ամէնէն շատ Գառնին ու Գեղարդը կը հաւնիմ, իսկ ճամբարային օրերն իսկական հեքիաթ էին, ափսոս, որ այդ հեքիաթն այսօր կ’աւարտէ: Ճամբարին մէջ սորվեցանք հայերէն, Հայաստանի պատմութիւն, բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպեցինք, շփուեցանք իրարու հետ: Ճամբարին տեղն ալ շատ լաւ է. անսահման թթուածին ստացանք այս սաղարթախիտ անտառներէն: Համոզուած եմ, որ ծրագիրի մասնակիցներէն իւրաքանչիւրն ալ գոհ պէտք է ըլլայ: Կարօտով պիտի յիշեմ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս անցուցած ամէն մէկ օրը, իմ նոր ընկերներուս, ուսուցիչներուս: Շնորհակալութիւ՛ն, Հայաստան, շնորհակալութիւ՛ն, Սփիւռքի նախարարութիւն:
Շանթ Բարսեղեան, 10 տարեկան, Ղազախստան, Ատրաու
-Կը ներէք, որ ես ռուսերէնով կը խօսիմ. հայերէն ալ գիտեմ, սակայն կը վախնամ սխալներ թոյլ տալու, այդ պատճառով ալ կը խօսիմ ռուսերէնով: Առաջին անգամ կու գամ Երեւան, բայց Հայաստան եկած եմ: Կը մնամ հիւրընկալ ընտանիքի մը տունը, ուր ինծի կ’ընդունին շատ ջերմութեամբ: Շատ կը հաւնիմ Գառնին ու Գեղարդը, Երեւանի հրապարակը, շատրուաններն ու ցայտաղբիւրները, անուշահամ միրգերը: Այնքա՜ն բան ունիմ պատմելու ծնողներուս ու ընկերներուս: Շատ լաւ օրեր անցուցինք Աղաւնաձորի մէջ, հայերէն սորվեցանք, հայկական պարեր ու երգեր սորվեցանք, խաղերու մասնակցեցանք: Շա՜տ ափսոս, որ աւարտեց ժամանակը…
Գայեանէ Էլիբեկեան, 18 տարեկան, Գանատա, Քեպէկ
-Հինգերորդ անգամ կու գամ Հայաստան, հօրս բոլոր բարեկամները Հայաստանի մէջ կ’ապրին, այստեղ տատիկ-պապիկ ունիմ, անոնց մօտ կը մնամ: Երեք տարի առաջ քոյրս մասնակցած է ծրագիրին, եւ ան խորհուրդ տուաւ, որ ես ալ մասնակցիմ. գոհ եմ, որ հետեւեցայ անոր խորհուրդին: Տեսարժան տարբեր վայրեր այցելած ենք, սակայն ամէնէն շատ հաւնած եմ Գառնին ու Գեղարդը, Սեւանը…ի դէպ, ծրագրի մասնակիցներէն շատե՛րը հաւնած են Գառնին ու Գեղարդը: Գանատայի մէջ շատ հայեր կ’ապրին, սակայն չեն մոռնար հայերէնն ու Հայաստանը: Հայաստանէն հեռու կարօտը կը խեղդէ:
…Այդ կարօտն է, որ այս պատանիներուն ու աղջիկներուն բերած է Հայաստան, բերած է «Արի տուն», այդ կարօ՛տն է, որ անոնց շրթունքներով կը բարբառէ հայերէն` Ես հա՛յ եմ, իմ տունս Հայաստա՛նն է, իմ լեզուս հայերէ՛նը…
Կարինէ Աւագեան