Հայ Ճարտարապետներն Աշխարհի ՄԷջ. Վիգէն Եւ Րաֆֆի Թարխանեան Եղբայրներ

2015 թուականին Լիբանանի մէջ բացուած Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիքեան» թանգարանը ո՛չ միայն կենդանի յիշատակարան է Ցեղասպանութեան զոհ դարձած 1,5 միլիոն նահատակներուն, այլեւ խօսուն վկայութիւն է հայ ժողովուրդի վերածնունդին: Թանգարանի նախագծման եւ ձեւաւորման աշխատանքներու կատարումը վստահուած էր «Տունպէյթ» ընկերութեան, որուն համանախագահներ Րաֆֆի եւ Վիգէն Թարխանեաններու հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ը:
Իբրեւ սկիզբ, ու՞րկէ կը սերի Թարխանեան ազգանունը (կը խնդրէի քիչ մը պատմել Ձեր ընտանիքի, նախնիներու պատմութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի ո՞ր բնակավայրէն են, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հաստատուելու ճանապարհը):
-Մեր ընտանիքին արմատները կու գան Ուրֆայէն: Մեր մեծ հայրը՝ Գէորգը, Ուրֆայի մէջ ամուսնացած է Խաթուն անունով հայուհիի մը հետ: Անոնք, Մեծ Եղեռնին հետեւանքով տարագրուած են իրենց հայրենիքէն եւ հասած Պէյրութ, Զոքաք Էլ Պլաթի շրջանը: Մեծ հայրս ունեցած է հինգ զաւակ՝ երկու մանչ, երեք դուստր: Գալով հօրս, ան ծնած է Պէյրութ: Ծանօթացած է մօրս՝ Մանուշակ Ներսէսեանին եւ ընտանիք կազմած անոր հետ: Աստուած երեք զաւակ պարգեւած է անոնց՝ Վիգէն, Գարոլին եւ Ռաֆֆի: Հայրս՝ Յակոբ Թարխանեան եղած է Լիբանանի նախագահական պալատին պաշտօնական նկարիչը, լրատուական բաժինի պատասխանատուն: Նկարչութիւնը միշտ ալ ներկայ եղած է մեր գերդաստանի արմատներուն մէջ: Հօրեղբայրս՝ Գրիգոր Թարխանեանը, Լիբանանի հանրապետութեան առաջին նախագահ Պշարա Խուրիի ժամանակաշրջանէն եղած է նախագահական պալատին պաշտօնական նկարիչը: Աւելի ուշ հայրս եղած է Լիբանանի նախագահ՝Շառլ Հելուի պաշտօնական նկարիչը: Այս պաշտօնը ան վարած է մինչեւ 1990-ական թուականները: Մնայուն ներկայութիւն ունեցած է նախագահներու հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն: Մամուլի մէջ ծանօթ անուն մըն էր ան: Հայրս միաժամանակ ոչ միայն կը կազմակերպէր պետական հեռատեսիլի կայանի պաշտօնական նկարահանումները, այլեւ կը մշակէր արաբական աշխարհին ղրկուող պաշտօնական հաղորդագրութիւնները: Հանրապետութեան նախագահի բոլոր տեղեկութիւնները կը փոխանցէր արաբական աշխարհին եւ արեւմտեան լրատուական աղբիւրներուն: Հայրս կը վայելէր իշխանութեան վերնախաւին վստահութիւնը: Ան նաեւ իր վայելած հեղինակութեան շնորհիւ հայկական բոլոր տօները,առիթները կը հնչեցնէր մամուլի եւ լսատեսողական բոլոր աղբիւրներէն, սկսելով Ապրիլ 24-էն, հայկական Ծնունդէն եւայլն:
Սփիւռքի մէջ (այս պարագային՝ Լիբանանի) ապրողի մը համար, ին՞չ է ազգանուան «եան» մասնիկը՝ յիշողութիւ՞ն, նախնիներուն կապուած օղա՞կ, ինքնութեան կրի՞չ, դիմացինէն տարբեր ըլլալու առի՞թ:
– «Եան»ը հայու ինքնութեան կնիք մըն է, նաեւ հայ զգալու, հայ ապրելու շարունակականութեան արտայայտութիւն եւ հպարտութեան երաշխիք: «Եան»ը անջնջելի կնիք մըն է, հայ դասուելու: «Եան» ազգանունը իր մէջ կը պահէ ազգային քրիստոնէական կնիք:
Այժմ կը խնդրէի, որ պատմէք « Տունպէյթ Տիզայն» ընկերութեան մասին (Ե՞րբ հիմնադրուածէ, ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ, ո՞ր երկիրներու մէջ կը գործէ):
– Ես՝ Վիգէն Թարխանեան իբրեւ ճարտարապետ վկայուած եմ Պալամանտ համալսարանի ճարտարապետութեան Academie Lebanaise Des Beaux-Arts (ALBA) բաժինէն, 1997-ին: Եղբայրս՝ Ռաֆֆին, 2001-ին աւարտած է USEK-ի համալսարանը: Պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուած է՝ ներքին ճարտարապետութեան ձեւագէտ-տեսագրող, պատկերագրող մասնագիտութեամբ:
2000-ականներուն սկիզբը որոշեցինք ճարտարապետութեան եւ ներքին ճարտարապետութեան հաստատութիւն մը հիմնել, կերպով մը շարունակել մեր մեծ (մօրս հայրը) հօր՝ մշեցի Հրանդ Ներսէսեանի աւանդութիւնը: Փաստօրէն դառնալ անոր ժառանգորդը: Մեծ հայրս շատ հայասէր մարդ մը եղած է: Մեծ հայրս նաեւ եղած է բարերար: Մեր հաստատութեան Doonbeyt անունը, խորքին մէջ տուն եւ բնակարան բառերու հայերէն եւ արաբերէն իմաստներն են, անգլերէն տառերով:
Ուսում ստանալու առիթ չունենալով հանդերձ, խիզախ նկարագիրին շնորհիւ ինքնաշխատութեամբ նետուած է շինարարական ասպարէզին մէջ եւ ձեռք բերած մեծ յաջողութիւն: Դժբախտաբար, համեմատաբար կանուխ մահացած է, ան հազիւ 52 տարեկան: Մենք իրմէ ներշնչուած ենք ճարտարապետութեան մասնագիտութիւնը: Ուղղամիտ եւ պարտաճանաչ անձնաւորութիւն մը,իր պարկեշտ եւ ազնիւ նկարագիրին շնորհիւ կը վայելէր շրջապատին յարգանքը:
Մենք իբրեւ անոր ընտանիքին զաւակները, պատասխանատուութիւն զգացինք շարունակելու իր աշխատանքը, նուիրումը եւ աւանդութիւնը: Որոշեցինք աւելի զարգացնել անոր հարթած ճանապարհը: Ներշնչուեցանք անոր բարձր եւ որակաւոր ճաշակէն, բծախնդիր աշխատանքէն: Պէտք է ընդունինք, որ անոր աշխատանքները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են մեր գործելաոճին վրայ: Հայկական ոճով ստեղծագործական աշխատանքը եղած է Doonbeyt Design s.a.r.l. հաստատութեան հիմնաքարը: Մենք, մեր աշխատանքով կ’ապացուցենք մեր խօսքը: Doonbeyt Design s.a.r.l. հաստատութիւնը ձեռնամուխ դարձած է բազմաթիւ մրցանակակիր աշխատանքներու ծրագրաւորման եւ իրագործման: Այս ծիրին մէջ կ’արժէ յիշել Լոնտոնի International Property Awards մրցանակը:
Մեր հաստատութեան կեդրոնավայրը, գրասենեակը կը գտնուի Պէյրութ, Լիբանան: Բայց մեր աշխատանքի դաշտը բաւական լայն է: Աշխատած ենք, Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի, Եգիպտոսի, Զուիցերիոյ, Սերպիոյ մէջ եւ այլուր: Մեր աշխատանքին ծանօթ են Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Մեր համբաւը եւ արմատները տարածուած են Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ: Արժանացած ենք բազմաթիւ մրցանակներու:
Մեր աշխատանքը եւ գործունէութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ հինգ բաժանումներու վրայ.Ճարտարապետութիւն (Architecture),ներքին ձեւագիտութիւն(Interior Design)(որուն տեսակները բազմաթիւ են, սկսեալ գերարդիական լուծումներէ, պալատներէ, ապարանքներէ, գրասենակներու ներքին դասաւորումներ), քաղաքաշինութիւն(Urban Planning), ինքնասպասարկող ճարտարագիտութիւն(Robotic) եւբնավայրերու կառուցում (Landscape):
Նշենք, թէ այս ծրագիրներուն շնորհիւ արժանացած ենք զանազան մրցանակներու: Մեր աշխատանքներուն մէջ կ’իյնան կառուցումի եւ վերանորոգութեան ծրագիրներ, գերարդիական շքեղ ապարանքներ եւ թանգարաններ, պանդոկ,առեւտրական կեդրոններ(մոլ), ինքնաշարժերու ցուցասրահ, ոսկերչական խանութներ, արհեստանոցներ: Մենք մեր փորձառութեամբ եւ աշխատակազմով կը մշակենք ծրագիրները եւ սեփական միջոցներով կ’իրագործենք անոնց գործադրութիւնը: Վերջերս, իբրեւ Doonbeyt Design s.a.r.l. հաստատութեան համահիմնադիրներ Վիգէն եւ Ռաֆֆի Թարխանեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով վերանորոգեցինք Անթիլիասի Յուշարձան Մատուռը, ինչպէս նաեւ կառուցեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիքեան» թանգարանը:
Հայկական իրականութեան մէջ Թարխանեան ազգանունը յատկապէս ճանաչելի դարձաւ «Արամ Պեզիքեան» անունը կրող Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցմամբ, որուն բացումը կատարուեցաւ 2015 թուականին: Ին՞չ է Ձեզի համար այս աշխատանքը (մասնագիտական եւ յուզական առումով): Ինչի՞ շնորհիւ, օգնութեամբ կրցաք կերտել այն կառոյցը, որ այսօր շատերը կը յուզէ ոչ միայն իր նշանակութեամբ, այլեւ ճարտարապետական լուծումներով: Կը խնդրեմ ներկայացնէք թանգարանի ստեղծման ճանապարհը՝ «Թռչնոց Բոյն»էն մինչեւ «Արամ Պեզիքեան» թանգարան:
-Նախքան հայկական միջավայրի մէջ մեր ծանօթութիւնը մեզի կը ճանչնային օտար շրջանկաներ: Մենք հայրենիքի մէջ ճանչցուեցանք Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պեզիքեան» թանգարանին եւԱնթիլիասի մայրավանքին Նահատակաց յուշարձանի վերաձեւաւորումին եւ վերանորոգութեան առիթով: Այս աշխատանքը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառի յանձնարարութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ: Սակայն կը փափաքինք արձանագրել, որ նախապէս, 2000 թուականէն սկսեալ, զանազան նորոգութիւններ կատարած ենք, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքին բաժիններուն մէջ, վերանորոգած ենք նաեւ անոր գրադարանը: Վերին մարմիններու խնդրանքով եկեղեցւոյ բարեզարդութեան, վերանորոգութեան արհեստագիտական լուծումներով զանազան ծրագիրներ մշակած ենք, ապագայի նախատեսութիւններով:
Մենք հպարտ ենք, որ մեր աշխատանքը հայկական միջավայրի մէջ սկսած ենք հայ եկեղեցւոյ ճանապարհով: Եկեղեցին մեզի համար հաւատքի ներշնչման, ազգային ինքնութիւնը, արմատները պահպանելու խորհրդանիշ է: Միաժամանակ քրիստոնէական դաստիարակութեան աղբիւր:
Հայկական իրականութեան, պատմութեան կամ մշակոյթի հետ կապուած ուրիշ ի՞նչ աշխատանքներ իրականացուցած էք:
-Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններու նախապատրաստութեան ծիրին մէջ, 2013 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառի հովանաւորութեամբ, Պեզիքեան ընտանիքի բարերարութեամբ հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Յուշարձան Մատուռը: Մեզի յանձնարարուեցաւ Յուշարձան Մատուռի վերաշինութիւնը: Յատակագիծի պատրաստութիւնը, ոճային նորարարութիւնները կատարեց ներքին ճարտարապետ Ռաֆֆի Թարխանեան: Մատուռի վերաշինութեան ճարտարապետական լուծումներու ձեւաւորումը կատարեց Վիգէն Թարխանեան: Մատուռին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 24 Ապրիլ 2015-ին:
Մենք՝ իբրեւ նուիրական պարտք ընդունեցինք վերաշինութեան այս աշխատանքը: Մեր լուծումներուն մէջ փնտռեցինք այն ճանապարհը, որ անաղարտ պիտի պահէր նահատակներուն յիշատակը:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին, բախտաւորութիւնը ունեցանք նաեւ կառուցելու Լիբանանի ծովեզերեայ Ճիպէյլ քաղաքի հանրածանօթ Թռչնոց Բոյն անունը կրող որբանոցին, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիքեան» Թանգարանը, ինչպէս նաեւ վերակառուցել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի մայրավանքի Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին Սփիւռքի առաջին յուշարձան մատուռը:
Մենք համոզուած ենք, որ օտարազգիներ պատմական նշանակութիւն ունեցող այս երկու սրբավայրերը այցելելով, պիտի ծանօթանան մեր ժողովուրդի տառապանքներուն, Ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդի մը պահանջատիրութեան եւ պիտի միանան մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Երբ առաջարկներ կայացաւ ստանձնելու Թռչնոց Բոյնի վերանորոգութիւնը յատակագիծին մշակումը եւ անոր թանգարանին շինարարութիւնը, այս բոլորին վերահսկողութիւնը, համոզուեցանք թէ մեզի ներկայացած էր աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն կոչ յղելու պատեհութիւն մը: Արդարեւ, 2750 քառակուսի մեթրի վրայ երկարող այս համալիրը դարձաւ հայկական աւանդական ճարտարարուեստի եւ արդի ճարտարարուեստի համադրութիւն մը:
Թռչնոց Բոյնի «Արամ Պեզիքեան»ի անուան նորակառոյց թանգարանը կը նկատուի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին Սփիւռքի առաջին թանգարանը: Թանգարանին բացումը կատարուեցաւ 18 Յուլիս 2015-ին:
Այս առիթով, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գնահատելով մեր ճարտարապետական, ձեւագիտական, գծագրական ոլորտի մէջ ստեղծագործական յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով Սփիւռքի մէջ հայ արուեստը տարածելու եւ ծանօթացնելու ուղղուած մեր գործունէութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ ներդրումը՝ մեզի պարգեւատրեց «Արշիլ Կորքի» մետալով: Պարգեւատրութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական աւագանիի ներկայութեամբ, Հայաստանի վարչապետին, նախարարներու, Երեւանի քաղաքապետին, Արցախէն նախարարներու, երեսփոխաններու, մտաւորականներու, ճարտարապետներու, արուեստագէտներու, ներկայութեան, պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին: (https://youtu.be/UGh8krlnCQY)
Հայկական ճարտարապետութիւնը կ’առանձնանայ իր իւրօրինակ ոճով: Ձեր աշխատանքները ստեղծելու ժամանակ արդեօք կ’օգտուի՞ք այդ աւանդոյթներէն:
-Եթէ լաւ հետեւիք մեր արտասահմանեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն, մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ անխտիր պիտի հանդիպիք հայ մշակոյթի շունչին: Մեր ստեղծագործութիւններուն մէջ հայկական շունչը մնայուն ներկայութիւն է: Այս մէկը բնական է, որովհետեւ մենք կ’ապրինք եւ կը շնչենք իբրեւ հայ: Մեր աշխատանոցին մէջ մնայուն կը հնչէ հայերէն երաժշտութիւնը: Մեր գրասենեակներուն պատերը տեղ գտած են հայ նկարիչներու գործերը, մեր գրադարանին մէջ տեղ գտած են հայ գրողները, մեզի հետ են հայ մշակոյթի գանձերու ստեղծագործութիւնները: Մեր աշխատանքին մեկնաղբիւրը հայկականութիւնն է: Հայկականութիւն կը հնչէ մեր աշխատանքներուն մէջ, նոյնիսկ օտարներուն համար մեր իրագործած ծրագիրներուն մէջ կը տեսնենք հայկական ոգին:
Կը համագործակցի՞ք արդեօք ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան հետ:
– Բնականաբար: Մենք կ’անդամակցինք Ճարտարապետներու Համահայկական Ընկերակցութեան, իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչներ: 2015-ին մասնակցեցանք ճարտարապետներու երրորդ Համահայկական խորհրդաժողովին եւ բաժնուեցանք սքանչելի տպաւորութիւններով: Տարբեր մշակոյթի պատկանող անձնաւորութիւններ կ’այցելեն Հայաստան,կը ծանօթանան հայրենիքին, իրարու կը ծանօթանան: Այս բոլորը մեծապէս կը նպաստեն Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններուն: Այս բոլորը բնականաբար կը պարտինք Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ ոչ միայն Սփիւռքը կը միացնէ հայրենիքին, այլեւ Սփիւռքը՝ Սփիւռքին:
Յաճա՞խ կ’այցելէք Հայաստան: Ին՞չ է Ձեր կարծիքը Հայաստանի, յատկապէս Երեւանի ճարտարապետական ոճի մասին: Արդեօք դուք կը տեսնէ՞ք (կամ Հայաստան այցելողը կրնա՞յ տեսնել) այն արեւային քաղաքը, որ կը ցանկար տեսնել Ալեքսանդր Թամանեանը:
-Մենք չորս առիթներով այցելած ենք Հայաստան: Պէտք է արձանագրել, որ շնորհիւ Ալեքսանդր Թամանեանին, Երեւանը կը ներկայանայ նախկին Խորհրդային Միութեան ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մէկը, իր ճարտարապետական գեղեցիկ լուծումներով: Այո, փոփոխութիւնները միշտ քննադատութեան կ’ենթարկուին:Սակայն նախընտրելի է պատմական աւանդութիւնները եւ հաւասարկշռութիւնը պահպանել հինի եւ նորի լուծումներուն մէջ: Ներկայիս Երեւանը դարձած է եւրոպական չափանիշներով Եւրոպայի գեղեցկագոյն քաղաքներէն մէկը:Այս իրականութեան կողքին կայ նաեւ այլ իրականութիւն մը՝ ճարտարապետներու նոր սերունդը, մեր երիտասարդ ճարտարապետները բնական է, որ ունին իրենց սեփական ոճը: Անհրաժեշտ է աշխատանքի միջոցներ ստեղծել մեր երիտասարդ ճարտարապետներուն, որպէսզի ցոյց տան իրենց տաղանդը, ոճը եւ երազները:
Այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ շատ յայտնի հայ ճարտարապետներ կան: Անոնք ի՞նչ կրնան ընել Հայաստանի համար: Անոնց հնարաւորութիւնները, փորձը ինչպէ՞ս հնարաւոր է օգտագործել:
– Ձեր այս հարցումին պատասխանելէ առաջ կը փափաքինք անգամ մը եւս գնահատել Սփիռւքի նախարարին նախաձեռնութեամբ աշխարհասփիւռ հայութեան տարբեր մարզերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ խորհրդաժողովները, ներառեալ ՝ ճարտարապետներու խորհրդաժողովները: Այս աշխատանքը կարելի չէ խօսքերով գնահատել: Նման խորհրդաժողովներ, ոչ միայն հայերնիքը կը ծանօթացնեն Սփիւռքին, այլ՝ Սփիւռքը Սփիւռքին: Ճիշդ էք դուք երբ կ’ըսէք բազմաթիւ հռչակաւոր ճարտարապետներ ունինք Սփիւռքի մէջ, անհրաժեշտ է կողք կողքի բերել զանոնք: Վստահ ենք, որ նմանօրինակ հանդիպումներէն պիտի բխին Հայաստանի ճարտարարապետներուն մեր փորձը փոխանցելու քայլեր եւ փոխադարձաբար: Ճարտարապետութիւնը շատ յառաջացած ըլլալով Հայաստանի մէջ,կարելի է փորձի լայն փոխանակում կատարել, որմէ անկասկած պիտի օգտուին բոլորը:
Արդեօք մտածա՞ծ էք Հայաստանի մէջ որեւէ աշխատանք կատարելու մասին: Սպասելի՞ է նման որոշում:
– Մեր կարծիքով, Սփիւռք ապրող իւրաքանչիւր հայու երազն է ներդրում ունենալ հայրենիքի բարգաւաճումին:Մենք, վերջին անգամ,երբ 2016-ին այցելեցինք Հայաստան, այդ միջոցին նախարարներու, երեսփոխաններու, գործատէրերու, նախաձեռնողներու, ճարտարապետներու եւ այլ ոլորտներու մէջ ծառայողներու հետ ծանօթութիւններ ստեղծեցինք: Մեզի ներկայացուեցան զանազան ծրագիրներ: Մենք տակաւին կ’ուսումնասիրենք զանոնք: Յարմար պահուն անկասկած հայրենաշինութեան մէջ պիտի բերենք մեր լուման:
Լուսինէ Աբրահամեան