ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ճարտարապետներու Պատուիրակութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/unnamed-17.jpg)
Յունիս 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ եկեղեցիներու վերականգնման աշխատանքներ իրականացնող ճարտարապետներու պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին իտալահայ Արա Զարեան, իտալուհի Քրիսթին Լամուղը եւ Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան Ազգային թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Աշոտ Գրիգորեանը:
Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման, վերականգնման եւ արժեւորման ուղղուած անոնց գործունէութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Յարգելի հիւրեր, ուրախ եմ ձեզ ողջունել նախարարութիւնում: Բարով էք եկել Հայաստան: Հայկական եկեղեցիները այսօր կենդանութիւն ու շունչ են առնում ձեր նման նուիրեալների շնորհիւ: Արդէն վեց տարի Իտալիայից Հայաստան էք գալիս, սիրով, ջանասիրութեամբ, նուիրումով վերականգնում էք հնամենի եկեղեցիների որմնանկարները: Այդ աշխատանքները մեծ ջանք, համբերութիւն, վարպետութիւն, պատասխանատուութիւն են պահանջում: Եւ որպէս շնորհակալութեան, երախտգիտութեան, գնահատանքի արտայայտութիւն, ուզում եմ պարգեւատրել ձեզ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով»:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար: Քրիսթին Լամուղը նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ եւ հաճոյք է Հայաստանի մէջ մասնակցիլ որմնանկարներու պահպանման աշխատանքներուն, ու աւելցուց. «Ամէն տարի սիրով կու գամ Հայաստան: Այս պարգեւը ինծի համար մեծ հպարտութիւն է: Շնորհակալութիւն»
Արա Զարեան շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւին համար եւ նշեց. «Այս պարգեւն անակնկալ էր ինծի համար: Հօրմէս , մեծհօրմէս սորված եմ ծառայել իմ ազգիս: Հայրս` ՀՀ վաստակավոր ճարտարապետ Արմեն Զարյանը, դեռ 60-ական թուականներէն զբաղուած է հայ ճարտարապետութեան պատմութեան ուսումնասիրութեամբ: Ես եւ իմ համալսարանական ընկերներս հայ վերականգնողներու առաջին սերունդն ենք: Ամէն ամառ կու գամ Հայաստան: Վերականգնողական աշխատանքները սկսած եմ Որոտնավանքէն: Հիմա կ’աշխատինք Լմբատավանքի մէջ: Քրիսթինին հետ հաւաքած ենք 5 տարուան ընթացքին վերականգնուած որմնապատկերներու լուսապատճէները, որ սիրով կը նուիրեմ Ձեզի»:
Պարգեւի համար շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Աշոտ Գրիգորեան: Ան անդրադարձաւ ՀՀ ճարտարապետներու միութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան հեռանկարներուն: Պարոն Գրիգորեան ներկայացուց Թուրքիայէն բերուած հայկական արխիւներու փաստաթուղթերու իր ուսումնասիրութիւնը, որ կ’աւարտէ սեպտեմբերին: