ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Հայաստանեան Գրասենեակի Ներկայացուցիչը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունիս 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթի ղեկավարած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին իրաւաբանական բաժինի ղեկավար Իննա Պորիսովիչը եւ արտաքին կապերու համակարգող Անահիտ Հայրապետեանը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրերը` կարեւոր համարեց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կազմակերպութեան իրականացուցած աջակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Քննարկուեցաւ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած եւ Հայաստան տեղափոխուած անձանց ազգային ընդելուզման ռազմավարութեան» նախագիծը:

ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն ներկայացուց ռազմավարութեան վերաբերեալ իր կարծիքը, հարցադրումները, առաջարկութիւնները:

Ան կարեւոր համարեց միջազգային ասպարէզներուն մէջ սուրիահայերու խնդիրներու պատշաճ ներկայացումը` հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան ուղղելու համար:

Scroll Up