Երկու Դաշնամուր Ստեփանակերտի Մանկապարտէզին` «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Շարժման Ծիրէն Ներս
«Հայերն այսօր»-ը տեղեկացուցած էր, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի Համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղն օրեր առաջ առաջին օժանդակութիւն ցուցաբերած էր Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքի Յովհաննէս Թումանեանի անուան միջնակարգ դպրոցին ` նուիրելով դաշնամուր:
Այսօր արդէն, ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ արժանթինաբնակ երաժիշտ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեան, եւս երկու դաշնամուր նուիրուած է Ստեփանակերտի թիւ 4 մանկապարտէզին` շարունակելով Արցախի հիմնախնդիրներուն լուծման ուղղուած աշխատանքներու իրականացումը:
Մանկապարտէզի տնօրէն Նունէ Միքայէլեան «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին երեխաներուն, ծնողներուն եւ իր անունէն մարդասիրական օգնութեան համար խորին երախտագիտութիւն յայտնեց արժանթինահայ հայրենակիցներուն` նշելով. «Այնչափ ուրախ ենք եւ յուզուած այս նուիրատուութենէն. երաժշտական գործիքի առկայութիւնը առաւել քան երբեք անհրաժեշտ էր մեզի: Մանկապարտէզը բաղկացած է երկու մասնաշէնքէ, այդ պատճառով երկու դաշնամուր խնդրած էի, եւ ինչպէս կը տեսնէք` խնդրանքս չմերժեցին: Թո՛ղ նման նախաձեռնութիւնները շարունակական ըլլան»:
Աւելցնենք, որ ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղը «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» խորագիրով համերգարշաւ սկսած է, որմէ գոյացած հասոյթով երաժշտական գործիքներ կը գնէ Արցախի դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն եւ, յատկապէս` երաժշտական դպրոցներուն համար: