«ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Այցը Ոգեւորեց Մեզի` Աշխատելու Առաւել Եռանդով Եւ Համախմբուած».Անթոնիօ Սարաֆեան

Մայիս 29-էն յունիս 2 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուէր Արժանթին:

Պուէնոս Այրէս կատարած այցելութեան եւ մասնաւորապէս` ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղին մէջ ունեցած հանդիպման տպաւորութիւններուն մասին «Հայերն այսօր»ին կը տեղեկացնէ ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան պատուաւոր անդամ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի փոխատենապետ,  Անթոնիօ Սարաֆեան:

 «Մեզի համար մեծ ուրախութիւն էր ՀՀ սփիւռքի նախարարին այցը Հարաւային Ամերիկա: Նախարարին այցելութիւնը մեզի աւելի ոգեւորեց եւ խթան հանդիսացաւ` յետագայ աշխատանքներն առաւել եռանդով ու համախմբուած կատարելու:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեզի ծանօթացուց նախարարութեան աշխատանքներուն, գերակայ խնդիրներուն եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագիրներուն: Նախարարն իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց «Արի տուն» ծրագիրի կարեւորութիւնը` կոչ ընելով, որ աւելի շատ արժանթինահայ երեխաներ մասնակցին հայրենաճանաչութեան այս իւրօրինակ ծրագիրին:

Հանդիպման ընթացքին նախարարին տեղեկացուցինք, որ արդէն գործուն մասնակցութիւն կ’ունենանք «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական նախաձեռնութեան` մանրամասն ներկայացնելով այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:

Հրանոյշ Յակոբեանին վստահաբար հաղորդեցինք նաեւ մեր այն կարծիքը` ըստ որուն հզօր Սփիւռք ունենալու համար նախ եւ առաջ պէտք է հզօր Հայրենիք ունենալ:

Տիկին Յակոբեանի այցը ՀԲԸՄ համընկաւ «Մարի Մանուկեան» վարժարանի աշակերտներու աւարտական հանդէսին հետ: Նախարարը մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեց աշակերտներուն հայրենաշունչ ելոյթները եւ անոնց պատգամեց այցելել Հայրենիք:

Ան ուսուցիչներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Սփիւռքի մէջ անոնք են հայապահպանութեան ջահակիրները  եւ օտար ափերու վրայ ապագայ սերունդներուն հայեցի կրթութիւն  ու դաստիարակութիւն տուողները:

Հրանոյշ Յակոբեան ուսուցիչներուն հրաւիրեց` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներուն:

Սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի վարչակազմին հետ` քննարկելու համայնքային խնդիրներն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցերը: Ծանօթանալով մեր աշխատանքներուն` նախարարը մեզի հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին:

Հանդիպման աւարտին նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեցինք` Պուէնոս Այրէսի հայկական համայնք կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ` մեզի հետ մշտական կապի մէջ գտնուող եւ մեր կողմէ առաջադրուած հարցերուն արագ լուծում տուող Սփիւռքի նախարարութեան արհեստավարժ աշխատակիցներուն համար»:

400753_326620890774653_1586141856_n

Scroll Up