Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հարցազրոյցը Լիբանանի OTV Հեռուստաընկերութեան. տեսանիւթ

Յուլիս 11-13-ը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կայացաւ «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայու ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համաժողովը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, այս առիթով Լիբանանի OTV հեռուստաընկերութեան հայերէն լրատուութեան բաժանմունքը հարցազրոյց  իրականացուցած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, որուն ընթացքին Սփիւռքի նախարարը խօսած է եռօրեայ հաւաքի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Մանրամասնութիւնները` OTV-ի տեսանիւթին մէջ.

 

Scroll Up