«Պնակ Մը Տաք Ճաշ»-ը Ու Լուսանկարիչի Մը Մեծ Աշխարհը
Ծովից ծով Հայաստան, Պատմական շքեղ Հայրենիք ունեցած հայուն տարբեր դարաշրջաններու մէջ բաժին հասած է բռնի ուժով իր նախնիներուն հողէն զրկուելու ու զարկուելու դառն ճակատագիրը: Սփիւռք եւ հայրենադարձութիւն, ներգաղթ ու արտագաղթ բառերը կարծես ծնած են հայուն հետ, սակայն Աստուծոյ կամօք, աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող բոլոր հայերը օր մը պիտի հաւաքուին հայրենի հողին վրայ եւ պիտի ստեղծեն հզօր Հայաստան: Վերջին տարիներուն Հայաստան վերադարձող , հայրենադարձուող հայութեան թիւը էականօրէն աւելցած է: Մեր հայրենակիցներուն մէկ մասը Հայաստան եկած է շատ տարիներ առաջ, գտած իր տեղն ու դերը մեր հասարակութեան մէջ, կայացած իբրեւ մասնագէտ: Անոնցմէ մէկն ալ 12 տարի առաջ Հայրենիք հաստատուած Գաբրիէլ Փանոսեանն է, որուն հետ հետաքրքիր զրոյց ծաւալեցաւ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութենէն ներս:
-Պարո՛ն Փանոսեան, պատմէք , խնդրեմ Ձեր` հայ մարդու ոդիսականին մասին:
– Ես մուսալեռցիներու զաւակ եմ, ծնած եմ Լիբանան, ապրած Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ 12 տարի առաջ հաստատուած եմ Հայաստանի մէջ: Ահա իմ ոդիսականս:
-Ինչը՞ պատճառ դարձաւ Ձեր հայրենադարձուելուն:
-Լիբանանի մէջ երկար տարիներ ես սկաուտներու խմբապետ եղած եմ. իմ խումբիս երեխաներուն շարունակ հայրենասիրութիւն քարոզած եմ, անոնց սորվեցուցած եմ հողով, քարով Արարատ լեռ սարքել եւ միշտ մտածած եմ, որ ես ժամանակաւորապէս կ’ապրիմ Լիբանանի մէջ, որ ես տեղացի չեմ ու օր մը պիտի երթամ իմ Հայրենիքս: Այդ ժամանակ, երբ դեռեւս Հայաստան խորհրդային կարգերը կ’իշխէին, Հայաստան գալն աներեւակայելի էր: Առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ 1974 թուականի հոկտեմբեր 9-ին, որմէ ետք, վերադառնալով Լիբանան, իմ տպաւորութիւններս փոխանցած եմ շրջապատիս: Երկրորդ անգամ Հայաստան եկած եմ 1991-ին` ՀՀ նախագահի ընտրութեան օրերուն. հէնց այդ ժամանակ շարք մը թղթակցութիւններ ըրի: Յետագային ընտանիքով փոխադրուեցանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ…բայց հասկցայ, որ ատիկա ալ իմ տեղս չէ: Երբ Հայաստանի մէջ անկախութիւն հռչակուեցաւ, ես որոշում կայացուցի, որ պէտք է Հայաստան գամ: Այդ տարիներուն Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կը ղեկավարէի «Համազգայինի ձայն» ռատիօժամը: Ես ելեկտրականութեան մասնագէտ եմ, սակայն մշտապէս կապուած եղած եմ արուեստի աշխարհին: Դեռ մանկութենէս հետաքրքրուած եղած եմ նկարչութեամբ. Քանի մը անգամ տարբեր առիթներով ըսած եմ` կ’ափսոսամ, որ Հայաստանի մէջ չեմ ծնած, թէ չէ` բոլորովին ուրիշ ճակատագիր կ’ունենայի, նպաստաւոր միջավայր կ’ըլլար իմ մասնագիտական կողմնորոշման համար, ներքին ապրումներս արտայայտելու հնարաւորութիւն կ’ունենայի իմ ստանալիք կրթութեամբ:
-Գաբրիէ՛լ, Դուք հիմնականին մէջ կը զբաղուիք լուսանկարչութեամբ եւ, կարծես թէ, հէ՛նց այդ ոլորտին մէջ ալ կայացած էք…ինչպէ՞ս յայտնուեցաք այդ դաշտին մէջ:
-Ես արդէն ըսի, որ միշտ ձգտում ու սէր ունեցած եմ արուեստի, մշակոյթի հանդէպ, առիթ ունեցած եմ թղթակցութիւններ ընելու, ռատիօժամ ղեկավարելու, իսկ լուսանկարչութեան բնագաւառին մէջ ներկայացայ հետաքրքիր դիպուածով մը. ցոյցերէն մէկուն ժամանակ լուսանկար մը ըրի, որուն մէջ Կիրօ Մանոյեան փաթթուած էր ձողի մը, եւ օրէնքի պահապանները զինք չէին կրնար պոկել, ետ քաշել այդ ձողէն: Այդ լուսանկարն ուղարկեցի «Ազդակ» օրաթերթին, անոնք շատ հաւնեցան նկարը, եւ այն իմ անուն-ազգանունով տպագրուեցաւ: Լուսանկարը շատերուն ուշադրութիւնը գրաւեց, ու ես օրաթերթի ֆոթոլրագրողը դարձայ: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ ստեղծման առաջին իսկ օրուընէ սկսած եմ համագործակցիլ նախարարութեան հետ, նախարարը շատ քաջալերած է ինծի, որուն համար երախտապարտ եմ: Մինչ օրս ալ կը շարունակուի մեր համագործակցութիւնը. մեծ սիրով կը մասնակցիմ նախարարութեան բոլոր ձեռնարկներուն: Յարգարժան նախարարը կը կարծէր, թէ ես «Ազդակ»-ի պաշտօնեայ եմ եւ զարմացաւ` իմանալով, որ ես իմ նախաձեռնութեամբ լուսանկարներ կը պատրաստեմ:1993-ին բարեգործական նպատակներով գացած եմ Արցախ եւ ականատես եղած դէպքի մը. մէկուկէս տարեկան առեւանգուած Լոլային ետ վերադարձնելը, ես հանդիպեցայ անոր ընտանիքին, եկայ Երեւան եւ թերթերու մէջ գրեցի այդ մասին. Ատիկա իմ լրագրողական առաջին աշխատանքս էր, հիմնականին մէջ լուսանկարչութեամբ կը զբաղիմ:
-Երբեք մտածա՞ծ էք Ձեր լուսանկարներու անհատական ցուցահանդէսը բանալու մասին:
-Ես 9-ը ցուցահանդէս ունեցած եմ, որոնցմէ, սակայն, ցուցադրուած են ապստրակտ լուսանկարներ. ըսեմ, որ այդ ցուցահանդէսներուն քաջալերողը տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը եղած է:
Իմ լուսանկարներս ցուցադրուած են նաեւ խմբային տարբեր ցուցահանդէսներու ժամանակ: Ես միշտ կ’ուզեմ տեսնել այն, ինչ ուրիշները չեն տեսներ, ես չեմ ուզեր նոյնը տեսնել: Շատ լուսանկարներ ունիմ Արցախի մէջ. լուսանկարած եմ Շուշի քաղաքի դռները, նաեւ` եկեղեցիները: Ես նկարած եմ հայկական տուներու եւ ատրպէյճանական, թրքական տուներու ձեւերը ` ցոյց տալու ատոնց տարբերութիւնը: Իմ լուսանկարչական բոլոր ցուցահանդէսներուս միշտ երկու աղջիկ կու գային, անոնց հետաքրքրութիւնը գրաւեց իմ ուշադրութիւնս, օր մը մօտեցայ եւ հարցուցի, թէ ինչը իրենց այդքան գրաւած է, աղջիկներն ըսին` վաղը առաւօտեան կու գանք, կ’ըսենք…յաջորդ օրն առաւօտեան աղջիկները եկան` իրենց հետ տետրակ մը բերելով, ուր նկարներուս հիման վրայ գրուած բանաստեղծութիւններ էին: Հիացած էի…երբ մէկ տարի անց գացի Մացեալ Նահանգներ, բարեկամս` Եզնիկ Պալայեան, իմանալով այդ մասին, յորդորեց հրատարակել այդ բանաստեղծութիւնները: Վերադարձայ Հայաստան, գտայ այդ երկու աղջիկները, ըսի իմ մտայղացման մասին, շատ ուրախացան. պարզուեցաւ, որ անոնք ալ նոյնը մտածած էին, եւ իմ նկարներուս տպաւորութեամբ ստեղծուած այդ բանաստեղծութիւններու գիրք-ալպոմը արդէն հրատարակուած է. նկարը եւ իր կողքին` նկարի տպաւորութեամբ գրուած բանաստեղծութիւնը: Մօտ ժամանակներուն շնորհանդէսը կը կազմակերպենք:
-Ես տեղեակ եմ, որ Դուք «Պնակ մը տաք ճաշ» նախաձեռնութեան հիմնադիրն էք. ի՞նչ կը ներկայացնէ այն, մանրամասնէ՛ք, խնդրեմ:
-Ինչպէս տեսաք, այս տարի Հայաստանի մէջ դաժան ձմեռ էր. ես Արարատեան դաշտավայրին` Նորամարգ գիւղին մէջ, ագարակ մը ունիմ, ըսի` երթամ տեսնեմ ինչ վիճակի մէջ է: Տեսայ, որ կէս մեթր ձիւն նստած է, չկրցայ դուռը բանալ ու ներս մտնել…այդ օրն ալ առատ ձիւն կը մաղէր, դուրսը քանի մը մարդիկ հաւաքուած էին` ծանօթ ու անծանօթ. հարցուցի, թէ այդ եղանակին ինչ կ’ընեն բաց երկնքի տակ, անոնք ալ պատասխանեցին, որ տան մէջ տաքութիւն չունին, ուտելիք չունին, աշխատանք ալ չկայ, երթան տուն` ի՞նչ ընեն…այդ գիշեր աչքերուս քուն չեկաւ, կը մտածէի, թէ ինչ կարելի է ընել, ինքզինքիս խօսք տուի, որ միջոց մը պէտք է գտնեմ: Որոշումս իրականացնելու համար դիմեցի քանի մը ծանօթներու, որոնք հաւանութեան արժանացուցին այդ ` «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրս, որմէ յետոյ գացի գիւղապետին մօտ եւ ներկայացուցի ծրագիրս. գիւղապետը շատ ուրախացաւ` ըսելով` Աստուած քեզ ուղարկեց: Որոշեցինք 100 անապահով մարդոց օրը մէկ անգամ կերակրել: Գացի ապրանքը բերի, մարդիկ գտայ, որոնք պէտք է աշխատէին: Գիւղապետը կարիքաւորներու ցանկ մը բերաւ, պարզուեցաւ, որ 150 է այդ մարդոց թիւը: Ըսի, որ այդքան տեղ չունիմ (մօտս տեղ առանձնացուցած էի, որ սեղան-աթոռներ դնենք, մարդիկ գան ու ճաշեն): Մտածեցի, որ այդ մարդոց մէկ մասը պիտի գայ գիւղին մէկ ծայրէն, ճանապարհները` ցեխոտ, անյարմար, ինչպէ՞ս պէտք է տեղ հասնին…ի՞նչ ընել, ի՞նչ ձեւով իրականացնել այդ ծրագիրը, որ յարմար ըլլայ: Օգնականիս` Արեւիկին հետ խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք չոր սնունդ մատուցել մարդոց, որ գան եւ այդ մթերքը տանին, իրենց տուներուն մէջ պատրաստեն: Առաջին օրը 60` ամէնէն աւելի կարիքաւորներուն բաժնեցինք, յաջորդ օրը մարդոց թիւը մեծցաւ, դարձաւ մօտ 400 հոգի: Իւրաքանչիւրին մօտաւորապէս 15-20 քկ սնունդ բաժնեցինք` բուսական իւղ, վերմիշել, մաքարոն, բրինձ,շաքարաւազ…եղան նաեւ տհաճ, ինչպէս նաեւ` հաճելի դէպքեր. մարդիկ եղան, որոնք հրաժարեցան օգնութենէն` ըսելով, որ իրենցմէ աւելի վատ ապրողներ կան, աւելի լաւ կ’ըլլայ, որ անոնց տանք այդ օգնութիւնը: Կամաւորութեան սկզբունքով ինծի կ’օգնէին հրաշալի երիտասարդներ` առանց դոյզն-ինչ ակնկալիքի: Յետոյ մտածեցի, որ կարիքաւորներուն քարթոֆիլ բաժնելու փոխարէն` աւելի լաւ կ’ըլլայ, որ անոնց քարթոֆիլի սերմացու տանք, իրենք ցանեն. այդպէս ալ ըրինք եւ մօտ 4 թոն սերմացու բաժնեցինք: Նիւթապէս ինծի կ’օժանդակէին արտերկրի հայերը: Ծրագիրը նախատեսուած էր երկու ամսուան համար, սակայն մենք երեք ամիս աշխատեցանք: Հիմա նպատակ ունինք այս ծրագիրը պաշտօնական ձեւով իրականացնել, ստեղծել շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն: Կը նախընտրենք առաջինը ձեռք մեկնել Արարտեան դաշտավայրի սահմանային գիւղերու բնակիչներուն. անո՛նք ալ իւրօրինակ զինուորներ են, որովհետեւ չեն լքեր իրենց բնակավայրերը եւ միշտ զգօն են:
Ես իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ բոլոր այն մարդոց, որոնք միացան մեր նախաձեռնութեան, մասնաւորապէս` մեր 3 բարերարներ, նուիրատուներ Գաբրիէլ Չեմբերճեանին, ժիրայր Սարգսեանին, անոր տիկնոջ`Սրբուհիին, Վահան Զանոյեանին. յետագային մեզի միացաւ նաեւ Նուպար Տէմիրճեանը: Մենք մօտաւորապէս 1200 հոգիի սնունդ բաժնած ենք, իսկ 600 հոգիի` քարթոֆիլի սերմ: Յուսամ, որ կը կարենանք այս տարի եւս իրականացնել նմանատիպ ծրագիր:
-Շնորհակալութիւ՛ն, պարո՛ն Գաբրիէլ, յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեր մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ ֆոթոլրագրողի` Ձեր աշխատանքային գործունէութեան: Թո՛ղ Ձեր լուսանկարչական խցիկը երբեք չտեսնէ հայու տխուր դէմքեր, թո՛ղ այն միշտ որսայ ժպտացող աչքեր, եւ թո՛ղ մշտապէս պնակ մը տաք ճաշ ունենան բոլորը:
Կարինէ Աւագեան