ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Աշխատանքային Այցը Պրազիլ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/12-7.jpg)
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ` յունիս 2-4 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնած է Պրազիլ:
Նախարարը Սան Փաուլոյի ՀՀ պատուոյ հիւպատոսութեան մէջ հանդիպումներ ունեցած է հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր այրերու, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, համայնքային գործիչներու եւ գործարարներու հետ: Հիւպատոսարանին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պրազիլի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Հիլտա-Տիրուհի Պուրմայեանին պարգեւատրած է Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով, իսկ Սան Փաուլոյի մէջ ճանչցուած քաղաքական գործիչ Ալմինու Մոնտէյրու Ալվարես Ալֆոնսոյին հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած բարեկամական վերաբերմունքին եւ շարունակական աջակցութեան համար ` Ոսկէ մետալով:
Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը Սան Փաուլոյի Հայ Առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է կիրակնօրեայ պատարագի, այցելած Հայ Կաթոլիկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ «Արմէնիա» ակումբ:
Հանդիպումներուն ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գերակայ ծրագիրներու կատարման ընթացքը, կատարուած աշխատանքները եւ կոչ ըրած առաւել սերտացնել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը` ի շահ եւ ի նպաստ մեր Հայրենիքին: Նախարարը մասնաւորապէս շեշտած է պրազիլահայ երիտասարդներու` Հայաստանի հետ սերտ կապեր հաստատելու կարեւոր հանգամանքը` յոյս յայտնելով, որ անոնք այսուհետ աւելի գործուն մասնակցութիւն կ’ունենան նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: ՀՀ սփիւռքի նախարարը պատասխանած է նաեւ պրազիլահայերը յուզող շարք մը հարցերու :