«Մենք Միասին Ուժեղ Ենք, Հզօ՛ր, Իսկ Միայնակ` Դատապարտուած». Ռեմի Մաքենեճեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/16-2.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած ֆրանսահայ երիտասարդ գործարար Ռեմի Մաքենեճեան այցելեց նաեւ «Հայերն այսօր»–ի խմբագրասենեակ, եւ չնայած իր երիտասարդ տարիքին, հաճելիօրէն զարմացուց բոլորս` իր ծաւալած տարողունակ գործունէութեամբ: Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
-Պարո՛ն Մաքենեճեան, բարո՛վ եկած էք Հայաստան. Կը խնդրեմ պատմէք Ձեր մասին. ըսէք, խնդրեմ, թէ ինչ մասնագէտ էք եւ ինչ աշխատանք կը կատարէք Ֆրանսայի մէջ:
-Շնորհակա՛լ եմ ջերմ ընդունելութեան համար. ծնած եմ 1973-ին, Ֆրանսայի հարաւը գտնուող նահանգի մը մէջ, մեծցած եմ Ֆրանսայի մէջ, սակայն ես զտարիւն հայ եմ եւ՛ հայրական, եւ՛ մայրական կողմէն: Մօրս ազգանունը Մարտիկեան է: Իմ մեծ հայրս ու մեծ մայրս Հայոց ցեղասպանութենէն տաս տարի անց հաստատուած են այդ նահանգին մէջ: Մեծ հօրս մահէն յետոյ տան գլխաւորը հայրս էր. ան մեզի առաջնորդեց դէպի հայկական դպրոց: Մենք երկու եղբայր ենք, եղբայրս կը յաճախէր դպրոց եւ այդ ժամանակ, երբ 14 տարեկան էի, առաջին անգամ ինծի համար յայտնաբերեցի Հայաստանն ու հայը. Ատիկա 29-ը տարի առաջ էր: Հայաստան կատարած իմ առաջին ճանապարհորդութիւնս ծնողներուս, ընտանիքիս հետ էր: Ես ուսանած եմ Ֆրանսայի մէջ, որմէ ետք` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Աւարտելէ յետոյ ստեղծեցի իմ առաջին ձեռնարկութիւնս, որ կը զբաղուէր տղամարդու հագուստներու ոճաբանութեամբ, 4 տարի առաջ իմ ձեռնարկութիւնս վաճառեցի ուրիշ` աւելի մեծ կազմակերպութեան եւ շարունակեցի իմ գործունէութիւնս անշարժ գոյքի ձեռնարկութեան մէջ: Այնուհետեւ ստեղծեցի իմ սեփական ձեռնարկութիւնս:
-Պարո՛ն Ռեմի, ես տեղեակ եմ, որ դուք մարդասիրական մեծ գործունէութիւն ծաւալած էք 1988-ի Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժի օրերուն. պատմէք, խնդրեմ այդ մասին:
-Ես ընդգրկուած եմ հայկական համայնքի կազմին. Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի օրերուն բոլորս մտահոգ էինք, ցնցուած եւ կը մտածէինք ինչ-որ կերպ ձեռք մեկնել աղէտէն տուժած հայ ժողովուրդին: Մենք այդ ժամանակ դիմեցինք Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրակին, որպէսզի օգնէ մեզի` աջակցելու մեր հայրենակիցներուն: Երկու ինքնաթիռ առաջին անհրաժեշտութեան սնունդ եւ հագուստեղէն հասցուցած ենք Հայաստան: Եկանք Լենինական ու բերինք սնունդ, ձմեռնային հագուստեղէն, կօշկեղէն: Սպիտակի մէջ կառուցեցինք հացի արտադրամաս` բնակչութեան տաք հացով ապահովելու համար: Ատկէ յետոյ` մօտ 8 տարի, ես շատ զբաղուած եղած եմ իմ ձեռնարկութեան գործերով եւ հայկական համայնքէն ներս գործուն մասնակցութիւն չեմ ունեցած: 4 տարի յետոյ վերադարձայ համայնք. անցեալ տարի հանդիպեցայ Անթուան Պաղտիկեանին: Մասնակցած եմ Սարքոզիի նախագահական ընտրութիւններուն: Անթուան Պաղտիկեանի հետ զրուցեցինք «Խաչքար» ծրագիրին մասին, ու ես ըսի, որ պատրաստ եմ ֆինանսապէս օգտակար ըլլալ ծրագիրի իրականացման: Ես նաեւ ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղի անդամ եմ: Իմ լաւ ընկեր Փաթրիկ Մալաքեանին առաջարկեցի իմ մասնակցութիւնս ու աջակցութիւնս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած բոլոր ձեռնարկներուն: Որոշեցի եւ Ֆրանսայի բոլոր հայկական համայնքներուն առաջարկեցի մասնակցիլ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Ֆրանսայի, առհասարակ` Եւրոպայի մէջ, շատ մեծ հեղինակութիւն եւ 600 հազարէ աւելի բաժանորդ ունեցող «Ֆիկարօ» ամսագիրին մէջ, որ մասնաճիւղեր ունի Լոս Անճելըսի մէջ, Սինկափուրի եւ այլուր, Հայոց ցեղասպանութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ձեռնարկներուն 8 էջ նուիրուեցաւ: Համայն աշխարհ տեսաւ, կարդաց, տեղեկացաւ, թէ ինչպէս հայերը կը խնկարկեն Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Ես հպարտ եմ, որ մասնակցած եմ այդ աշխատանքներուն, որ իմ ներդրումս ունեցած եմ նախնիներուս հետ կատարուած անմարդկային ոճիրը մէկ անգամ եւս աշխարհին յայտնելու համար: Մեր պատմութիւնը նման չէ աշխարհի միւս ժողովուրդներու պատմութիւններուն: Մենք իւրայատուկ ենք թէ՛ մեր պատմութեամբ, թէ՛ մեր տեսակով: Ատոր համար կան երեք պատճառներ` մէկը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, երկրորդն այն է, որ մենք առաջինն ենք, որ պետականօրէն ընդունած ենք քրիստոնէութիւնը, երրորդն ալ այն է, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերը երբեք չեն ճնշեր ուրիշ ազգերը, եւ իւրաքանչիւր հայ կը յարմարի այն երկրի կեանքին, տնտեսութեան, հասարակութեան, ուր ինք կ’ապրի` լաւագոյնս ներկայանալով իր աշխատասիրութեամբ, տաղանդով, յաջողութիւններով:
–Պարո՛ն Մաքենեճեան, աշխարհով մէկ սփռուած հայերն ամէնուր կ’արարեն, կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ ներկայանալի կը դառնան իրենց ակնառու յաջողութիւններով. Ձեր կարծիքով ի՞նչ բանի կարիք ունի այսօր հայը` առաւել ուժեղ ու ճանաչելի դառնալու համար:
-Մենք` հայերս, աշխարհի աղն ենք: Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու պատմութիւնը յաճախ յաջողութիւններով զուգորդուած պատմութիւն է, սակայն անհրաժեշտ է, որ մենք բոլորս միասի՛ն ըլլանք, միասնակա՛ն, ուժե՛ղ: Մենք բոլորս պէտք է մտածենք մէկ ուղղութեամբ` ի շահ եւ ի նպաստ հայու պատմութեան, Հայաստանի ներկայի ու ապագայի. մենք միասին ուժեղ ենք, իսկ միայնակ` դատապարտուած: Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը, հայկական համայնքները, ուր ալ, որ գտնուին, իրենց ներդրումը պէտք է ունենան յանուն ազգի ապագայի, ատիկա շաղախ է բոլոր հայկական համայնքներու միաւորման համար: Հայկական համայնքներու միաւորման համար շատ կարեւոր, շաղկապող յաջորդ միջոցը Հայոց եկեղեցին է: Մենք պարտաւոր ենք եկող սերունդներուն փոխանցելու հայոց լեզուն ու մշակոյթը, մեր ազգային աւանդոյթները, հայկական բոլոր արժէքները: Օտար երկրներու մէջ հայութիւնը կարիք ունի սորվելու Հայոց եկեղեցւոյ մշակոյթը. այն պէտք է ներդնել մեր ազգային մշակոյթի շտեմարանին մէջ: Այսօր Հայաստան փոքրիկ երկիր մըն է, սակայն ապագային այն կրնայ դառնալ շատ մեծ ու հզօր երկիր: Մենք պէտք է տարբեր նախագիծերով համագործակցինք Հայաստանի կառավարութեան հետ. ցանկութիւն ունինք հմտութիւններ ու նորարարական գիտելիքներ, փորձառութիւն բերել Հայաստան եւ խթանել երկրի յառաջընթացին: Մենք սկսած ենք նման նախագիծեր, որոնք արդէն ընթացքի մէջ են:
-Ձեր դիրքորոշումը Ֆրանսայի նորընտիր նախագահի նկատմամբ. Այն տպաւորութիւնն է, որ ան հայամէտ է եւ լաւ գիտէ մեր պատմութիւնը:
– Ընտրութիւններուն ընթացքին պարոն Մաքրոնը Փարիզի մէջ Կոմիտասի յուշարձանին մօտ եկաւ ծաղիկներով, որուն համար շատ շնորհակալ ենք, սակայն նախարարներէն Մազախը կարծես թէ հակայկական քաղաքականութիւն ունի. ատիկա է պատճառը, որ քիչ մը մտահոգուած ենք: Մենք պէտք է բոլոր հնարաւոր միջոցները օգտագործենք, որպէսզի խօսինք կառավարութեան, հայկական համայնքներուն հետ. ես առաջարկեցի, որ ֆրանսայի մէջ հայկական հեռուստատեսութիւն հրաւիրենք ֆրանսացի ծերակուտականներ, կառավարութեան անդամներու եւ հայ տաղանդաւոր մարդոց , հայկական համայնքներու գործուն անդամներու եւ խօսինք մեր մասին, ներկայացնենք Հայաստանն ու հայը, որ աշխարհով մէկ հնչէ մեր ձայնը: Օրինակ` թրքական կառավարութիւնը կը ֆինանսաւորէ Եւրոպայի BFM TV-ին, այդ կազմակերպութեան յառաջատար մասնագէտներուն, եւ անոնք կ’ըսեն, որ Թուրքիան հզօր, ապահով ու քաղցր երկիր է եւ կը խրախուսեն մարդոց երթալ Թուրքիա ու ներդրումներ ընել այնտեղ: Ամբողջ այդ ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ թրքական կառավարութիւնը: Հայկական համայնքները պարտաւոր են միաւորելու իրենց ուժերն ու հակադրուիլ այդ երեւոյթին: Այսօր հարկ է, որ մերոնք գնեն «Ֆիկարօ» ամսագիրը, կարդան եւ հակառակ քարոզչութիւն ընեն: Գուցէ շատերը համամիտ չըլլան ինծի, սակայն մենք սորվելու բան ունինք հրէական համայնքէն: Մենք մեր վաստակած գումարին մէկ մասը պէտք է ներդնենք այսօրինակ գործերու մէջ. մենք քիչ չենք Սփիւռքի մէջ, կրնա՛նք եւ պէ՛տք է ըլլանք շատ հզօր: Կրկին ըսեմ, որ միայնակ ու ցաքուցրուած` մենք դատապարտուած ենք, իսկ միասին ու համախմբուած` շատ հզօր կ’ըլլանք:
-Շնորհակալութիւ՛ն, պարոն Մաքենեճեան. յուսանք, որ ազգահաւաք եւ ազգանպաստ Ձեր գաղափարներն անպայման իրականութիւն կը դառնան եւ Ձեր ձայնը Սփիւռքի մէջ կը հնչէ` որպէս արթնութեան կոչնակի նոր ղօղանջ մը:
Կարինէ Աւագեան