Վալանսի Համազգայինի թատերախումբը փարիզահայութեան հրամցուց Պարոնեանի «Ալաֆրանկա»ն
«Շողոքորթը»ի ներկայացումէն տարի մը ետք, ահաւասիկ փարիզեան բեմին վրայ երկրորդ անգամ ըլլալով կը յայտնուէր Վալանսի Համազգայինի թատերախումբը: Ընդառաջելով Փարիզի Համազգայինի հրաւէրին, հայախօս թատերասէրներուն ան այս անգամ պիտի հրամցնէր դարձեալ Պարոնեանէն, սակայն նուազ ծանօթ գործ մը՝ «Ալաֆրանկա» երգիծավէպը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէր հանրութեան: Այս գործը լոյս տեսած է Պարոնեանի խմբագրած «Թատրոն»ին մէջ, 1873ին, «Լեռը մարգարէին քով չերթայ նէ, մարգարէն լերան քով կ՚երթայ» խորագրով: Ան գրուած է հայատառ թրքերէնով, ինչ որ յատկապէս 1840-1870 ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ մէջ ընդհանրացած ձեւ մըն էր, հասանելի դառնալու համար թրքախօս հայ հանրութեան եւ պէտք է խոստովանիլ, որ այդ ձեւի գրականութիւնը անուրանալի դեր կատարած է նշեալ խաւին մտաւոր զարգացման գործին մէջ: Ժամանակի ընթացքին, սակայն, հայկական դպրոցներու հետզհետէ բազմացումով ալ, անհետացած է այդ գրականութիւնը:
Ըստ պարոնեանագէտ եւ արուեստաբան Գ.Խ. Ստեփանեանի, «Ալաֆրանկա» երգիծավէպը շուրջ հարիւր տարի թրքախօս մամուլի էջերուն մէջ մնալէ ետք, միայն 1960ականներուն դարձած է հայ հանրութեան սեփականութիւնը: Ստեփանեանի համաձայն հայ հեղինակներու բազմաթիւ այլ գործեր կը շարունակեն մնալ թրքախօս մամուլի էջերու փոշիներուն տակ:
Կիրակի, Նոյեմբեր 24ին, Փարիզ 9րդի թաղապետարանի «Ռոսինի» սրահը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցւած էր հայ թատերասէրներով: Սրահէն յորդող բազմութեան մը առջեւ կատարուած նախորդ ներկայացումին բաղդատմամբ նուազ հանդիսականներու թիւը թերեւս կարելի է բացատրել տուեալ ժամանակարջանի ճոխ օրացոյցով: Օրինակ, նախորդ գիշեր ալ, նոյն սրահին մէջ կար Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ձեռնարկը նուիրուած՝ Լիզպոնի եւ Արցախի ազատամարտիկներուն, փարիզեան շրջանին մէջ կային բարեսիրական պարահանդէսներ, յետոյ՝ թատերական ներկայացման նոյն ժամերուն կը շարունակուէր «Ֆոնէթոն»ը, եւլն.: Հակառակ տրտնջական բոլոր մօտեցումներուն, մենք պիտի վերցնենք սակայն դրականը՝ փարիզեան համայնքային կեանքին աշխուժութիւնը, նոյնիսկ եթէ զիրար չխաչաձեւելու առումով կազմակերպչական թերութիւններ դեռ կը պատահին եւ կը յուզեն կազմակերպիչներ:
Վերադառնալով մեր ներկայացման, նախ հարկ է ընդգծել, որ հրամցուածը թատերգութիւն մը չէր, այլ ինչպէս վերը ըսինք՝ երգիծավէպ մը: Ատիկա բնականաբար իր հետ կը բերէր զանազան դժուարութիւններ, կը բարդացնէր բեմականացումը: Այդ ծանր գործը յանձն առած էր Սիմոն Մնակեան, որ գլխաւոր՝ Նիկոթիմոսի դերը ստանձնելէ զատ, կատարած էր յարմարեցման եւ բեմադրութեան դժուար գործերը: Բեմայարդարումը գրեթէ նուազագոյնի իջեցուած էր: Բեմին վրայ զետեղուած պաստառի մը վրայ մերթ ընդ մերթ կը սփռուէին բեմէն նմոյշով մը տրուած դէպքերու զարգացումը եւ սահող ժամանակը ցոյց տուող ժապաւէնէն հատուածներ, նկարահանուած՝ թատերախումին կողմէ: Անխօս շարժանկարի թէքնիքով, հինցուած պատկերները կը ներկայացուէին տողատակի հայերէն բացատրութիւններով եւ շարժանկարի նախնական շրջանի յատուկ դաշնակի մեղեդիներու ընկերակցութեամբ:
Գալով պատմութեան, ան կը հիւսէ բարեկեցիկ Նիկոթիմոս աղային գլխուն եկած երեւակայելի եւ աներեւակայելի այն բոլոր փորձանքներու շարանը որոնք զինք կ՚առաջնորդեն կատարեալ սնանկութեան, որպէս հետեւանք արեւմտականացումի՝ «ա լա ֆրանկա»յի («ա լա ֆրանսէզ») կոյր տենչին ի վնաս հարազատ բարքերուն, զոր իրեն եւս կը պարտադրուի կնոջ եւ իրենց երկու աղջիկներուն կողմէ: Ի վերջոյ, Նիկոթիմոս աղա, որ փառք պատիւ վայելող անձ է, թէկուզ կը դառնայ Մոնսէնիէօր Նիկոթիմոս, բայց տնազուրկ, ընտանիքէն լքուած, փորը կշտացնելու համար՝ ղրուշի կարօտ մոնսէնիէօր մը:
Կրկնելով ներկայացման յայտագրին մէջ ըսուածը, կը հաստատենք թէ՝ «Խնդալը օգտակար է առողջութեան կ՚ըսեն, բայց ինչպէս պիտի տեսնէք, բոլոր կատակերգութիւններու խորքին մէջ ողբերգութիւն մը պահուըտած է»:
Առանց միջնարարի մէկուկէս ժամ տեւող այս ներկայացումը նուազ զաւեշտական էր, քան նախորդը, բայց աւելի թէքնիք էր, պիտի ըսէինք՝ քիչ մը ապերախտ աշխատանք մը, զոր Վալանսի Համազգայինի թատերախումբը գլուխ հաներ էր ամենայն յաջողութեամբ, Սիմոն Մնակեանի ղեկավարութեան տակ: Դերակատարներն էին, Սիմոն Մնակեանի կողքին, Շահանէ Գասպարեան-Օհանեան, Զապէլ Գասպարեան, Արթուր Մկրտչեան, Անի Սահակեան, Րաֆֆի Իփճեան, Կարպիս Պտղունի, Յակոբ Ակիւրեան, Գոգօ Պարտաքճեան: Դեռ կան բեմայարդարումի, ղեկավարման, շպարումի, ֆիլմի պատրաստութեան, երաժշտութեան, վարչական գործերու նուիրեալները:
Թատերախումբը փարիզեան այս առաջին ներկայացումէն ետք շրջապտոյտի մը կը սկսէր, կարգով այցելելով Լիոն, Նիս, Մարսիլիա, Պրիւսէլ, Ժընեւ քաղաքները, աւարտելու համար Վալանսի մէջ:
Թատերականին քով եւ անկէ անդին խիստ գնահատելի է Համազգայինի Վալանսի թատերախումբին՝ հայերէնին բերած նպաստը, որու նկատմամբ մտահոգութիւնը յայտագրին մէջ ալ բազմիցս ընդգծուած է:
Հայերէնի ապագայով մտահոգ՝ մայրենիով ստեղծագործող, ինչպէս նաեւ անոնց թիկունք կանգնող բոլորին ալ վարձքը կատար:
Ա. Դ.
«Նոր Յառաջ»