ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Տեղի Կ’ունենայ Արշիլ Գորկիի Նուիրուած Ցուցահանդէսի Հանդիսաւոր Բացումը

Մայիս 14-ին, ժ.15:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ մեծանուն հայ նկարիչ Արշիլ Գորկիին նուիրուած «Ողբերգական լոյսի գոյները» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքի հանդիսաւոր բացումը (հասցէ` Իսահակեան փող., 38 շէնք):

Մայիս 14-16 Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուին Արշիլ Գորկիի ազդեցութիւնը կրած հայ նկարիչներու` Էդուարդ Արծրունեանի, Եուրա Յարութիւնեանի, Կարէն Աղամեանի, Շահէն Ասլանեանի, Վիգէն Թադեւոսեանի, Սամուէլ Չիբուխչեանի, Հրաչ Վարդանեանի, Էդուարդ Յակոբեանի, Վահէ Թեւոսեանի, Վահագն Գալստեանի, Էդուարդ Վարդանեանի գործերը: Նկարներու վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայերու «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ելոյթ կ’ունենայ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան:

Մեծ նկարիչի կեանքն ու գործունէութիւնը կը ներկայացնէ ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Շահէն Խաչատրեան:

Scroll Up