Վիլնիւսի ՄԷջ Ցուցադրուած Է «Խոստումը» Ֆիլմը

Վիլնիւսի «Փասաքա» թատրոնին մէջ մայիս 25-ին ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած է «Խոստումը» ֆիլմի յատուկ դիտումը, որուն մասնակցած են Լիթուայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, բազմաթիւ դիւանագէտներ, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ֆիլմի ցուցադրումէն առաջ Լիթուայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան նշած է, որ առաջին անգամ Հոլիւուտի մէջ կը նկարահանուի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմ, քանի որ բոլոր նախկին փորձերը Թուրքիոյ իշխանութիւններու ճնշումներու ներքոյ յաջողութիւն չեն ունեցած: Եւ ուստի բեմադրիչ Թերի Ճորճը եւ բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած եղած են ֆիլմարտադրութեան մէջ, հանդէս բերած են դրուատանքի արժանի խիզախութիւն:
Դեսպանին խօսքով` «Այնուամենայնիւ, այս ֆիլմը միայն անցեալի մասին չէ»: «Այն նաեւ մեր ներկային կը վերաբերի: Այն չարիքին դիմադրելու, եղբայրասիրութեան եւ անմնացորդ սիրոյ մասին է: Ֆիլմի հիմնական սաունտթրէքը հէնց ատոնց մասին կը խօսի»,-ըսած է Մկրտչեան: Դեսպանը աւելցուցած է, որ «Պատմութիւնը ապացուցեց, որ ի հեճուկս Ատոլֆ Հիթլերի յաճախ մէջբերուող գնահատականին առ այն, թէ «ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու բնաջնջումը», այսօր պէտք է ըսել, որ ամբողջ աշխարհ կը յիշէ այն»: Ցեղասպանութեան յիշատակումը եւ ճանաչումը առաջ կը մղուին կրթութեան միջոցով: Եւ արուեստը, ներառեալ շարժանկարչութիւնը, էական նշանակութիւն ունի ճանաչողութեան բարձրացման հարցով:
Ֆիլմի ցուցադրութենէն յետոյ կազմակերպուած է ընդունելութիւն: