Կարէն Գիլոյեան. «Հայաստանի հաւաքականը արդէն Պաքու է, տրամադրութիւնը մարտական է»

Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան մարզական բաժինի աւագ լրագրող-մեկնաբան Կարէն Գիլոյեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է, որմով կը տեղեկացնէ, որ Պաքուի մէջ կայանալիք ամառնային եւրոպական խաղերուն Հայաստանի հաւաքականի մամլոյ քարտուղարն է: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am կայքը:
«Ողջոյն: Ես առաջին ամառնային եւրոպական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականի մամլոյ քարտուղարն եմ: Ուստի այսօրուընէ մինչեւ խաղերու աւարտը իմ էջը կրնաք համարել պաշտօնական լրատուութեան էջ: 6 հոգիէ բաղկացած մեր խումբը արդէն 1 օր է, որ կը գտնուի Պաքուի մէջ: Մենք կը բնակինք խաղերու մարզական աւանին մէջ: Մեզի հետ նոյն շէնքին մէջ են նաեւ Շուէտի հաւաքականը, որուն կազմին մէջ հայ կայ: Մեր հարեւանութեամբ տեղակայուած են Գերմանիոյ, Ֆինլանտիոյ, Փորթուկալիոյ, Զուիցերիոյ, Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ հաւաքականները:
Այսօր մեզի կը միանան յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի մարզիկներն ու մարզիչները: Խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ վաղը: Յունիս 13-ին գորգ դուրս կու գայ Ռոման Ամոյեան:
Տրամադրութիւնը մարտական է: Մեր հաւաքականը պատրաստ է պայքարի: Սպասէք նորութիւններու: Բոլորիս յաղթանակ կը մաղթեմ»: