Դասախօսութիւն Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ`«Հայազգի Զօրավարները, Մարշալները» Թեմայով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/IMG_5006-2.jpg)
Մայիս 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ «Սարդարապատի հերոսամարտի եւ առաջին հանրապետութեան ականաւոր գործիչներու մեծարման օրեր» ծրագիրի ծիրէն ներս պատմաբան, ՀՀ բանակի փոխգնդապետ Տիգրան Պետրոսեանց հանդէս եկաւ հայազգի զօրավարներու, մարշալներու մասին դասախօսութեամբ:
Հայ ժողովուրդի համար յաղթանակ խորհրդանշող ամսուն` մայիսին կազմակերպուած դասախօսութեան մասնակցեցան սփիւռքահայ մտաւորականներ, ուսանողներ եւ նախարարութեան աշխատակիցներ:
Տիգրան Պետրոսեանց խօսեցաւ համաշխարհային երկու պատերազմներուն հայազգի զօրավարներու, մարշալներու դերին մասին: «Տարիներ շարունակ իմ խնդիրս համարած եմ Հայոց պատմութեան ընթացքին աչքի ինկած հայազգի հերոսներուն գտնելն ու հասարակութեան ներկայացնելը: Եւ վերջապէս 2002թ. Հայկ Խաչատրեանի հետ տպագրեցինք մեր առաջին «Հայկազունք» աշխատութիւնը, ուր ներկայացուցինք ազգութեամբ հայ 406 զօրավարներու»:
Տիգրան Պետրոսեանց ներկայացուց նաեւ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ճակատամարտերուն հայերու ինքնակազմակերպման պատմութիւնը եւ այդ յաղթանակներուն զինուորական բարձրագոյն կոչումներ ունեցող հայերու ներդրումը:
Այնուհետեւ բանախօսն անդրադարձաւ Հայաստանի 3-րդ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, Արցախեան ազատամարտի ընթացին իրենց մեծ ներդրումը բերած բարձրաստիճան զինուորականներուն: «Միքայէլ Յարութիւնեան, Նորատ Տէր-Գրիգորեանց, Մուրադ Սարգսեան, Քոմանտոս եւ այլք. անոնք կանգնած են մեր յաղթանակներու եւ բանակի ձեւաւորման ակունքներուն», – նշեց Տիգրան Պետրոսեանց:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Տիգրան Պետրոսեանցին ուշագրաւ փաստերով յագեցած դասախօսութեան համար` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց. «Դուք ներկայացուցիք հայ զօրավարներու ու մարշալներու 3 սերունդի պատմութիւնը: Այսօրուան սերունդը պէտք է ճանչնայ մեր հերոսներուն, դաստիարակուի անոնց օրինակով, իմանայ սեփական ժողովուրդի ռազմական պատմութիւնն ու հպարտանայ անով»: