Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռքի Զօրակցութեամբ» Խորագիրով Կլոր Սեղան-Քննարկում

Ապրիլ 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի զօրակցութեամբ» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան տարածաշրջանային վարչութիւններու ղեկավարներ, սփիւռքահայ յայտնի բարերարներ, գործարարներ եւ ներդրողներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: «Այս կլոր սեղան-քննարկման նպատակը մէկն է` լսել Հայրենիքում ունեցած յաջողութիւնների ձեր պատմութիւնները, իմանալ խնդիրների մասին եւ փորձել պատասխաններ եւ  լուծումներ գտնել այն հարցադրումներին, որոնք կը հնչեն այս հանդիպման ընթացքում: Մենք պատրաստ ենք անելու հնարաւորինը, որ հնչած առաջարկութիւններն ու տեսակէտները յետագայում տեղափոխուեն նաեւ գործնական ոլորտ եւ զարգացում ունենան»,-ըսաւ նախարարը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան աւելցուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բազում ծրագիրներ կը մշակէ եւ կ´իրագործէ երկրին մէջ տնտեսութեան զարգացումը, կայունացումը եւ յառաջընթացը ապահովելու համար: «Մեծ ուշադրութիւն է դարձւում նաեւ սփիւռքահայ ներդրողների ներկայութեանը հայաստանեան տնտեսական կեանքում: Սակայն այստեղ մի բաց կայ. այսօր էլ բաւականին մեծ թուով սփիւռքահայ ներդրողներ կան Հայաստանում, որոնք յաջողութիւնների են հասել, իրենց ներդրումն ունեն մեր տնտեսական կեանքի բարելաւման գործում, եւ մենք պէտք է հանրահռչակենք նրանց, քանի որ նրանք ոչ միայն լաւ օրինակ են, այլեւ նպաստում են Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդմանն ու զարգացմանը»,-ըսաւ նախարարի տեղակալը` նշելով, որ առանց խնդիրներու մասին խօսելու եւ ատոնց էութիւնը հասկնալու հնարաւոր չէ ցանկութիւնները իրականութիւն դարձնել, եւ այս քննարկման նպատակն է նաեւ այդ խնդիրները վեր հանելը, ատոնց իրատեսական լուծումներ փնտռելը:

Այնուհետ ելոյթներով հանդէս եկան ներկաները: «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Մարաշլեան  ըսաւ. «Մենք արդէն մէկ տարի է` այս ոլորտին մէջ ենք, եւ յաջողութիւններու մասին կարելի է երկար խօսիլ: Անդրադառնալով առկայ խնդիրներուն` կը ցանկայի նշել  քանի մը հատը: Առաջինը  «Հայրենադարձութեան մասին» օրէնքի անհարաժետութիւնն է, որուն նախագիծի աշխատանքները կը տարուին: Սա թոյլ կու տայ յատուկ կարգավիճակ սահմանել հայրենադարձներուն համար, կը յստակեցնէ անոնց համար նախատեսուած արտօնութիւնները, պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները: Սփիւռքի նախարարութեան համար հայրենադարձութիւնը օրակարգային հարց է, եւ ատիկա այսօրուան հրամայականն է նաեւ»: Վարդան Մարալշեան նկատեց, որ հայաստանեան մասնաւոր ծրագիրները, որոնք շատ յաճախ կը ստեղծուին նաեւ հայրենադարձներուն կողմէ, կարիք ունին ճանաչում ձեռք բերելու, եւ ատիկա պէտք է ըլլայ տեղեկատուական հարթակներու վրայ:

Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Վլադիմիր Աղայեան նշեց. «Մենք լաւ կը գիտակցինք Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան կարեւորութիւնը: Այդ միասնութեան մէջ վճռական դեր ունի Հայաստան, որ պէտք է ըլլայ հզօր եւ ուժեղ: Այդ հզօրացման գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի Սփիւռքը, սփիւռքահայերու զօրակցութիւնը Հայրենիքին: Հայաստանեան շուկան եւ տնտեսութիւնը բարենպաստ միջավայր են սփիւռքահայերու համար  իրենց գործարար ծրագիրները կեանքի կոչելու համար: Իսկ իւրաքանչիւր յաջողուած ծրագիր իր նպաստը կը բերէ նաեւ Հայաստանին»:

Եարոսլաւլի հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Զաքար Խոճաբաղեան նկատեց, որ Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայրենադարձները ոչ միայն պիտի ուղղորդուին գործարար շահերէն ելլելով, այլեւ պէտք է իրենց մէջ ունենան Հայաստանին զօրակցելու գիտակցութիւնը: «Մինչեւ 2019 թուականը նպատակ ունինք ստեղծել եւ ընդլայնել –ճարտարագիտական աշխատանոցներու թիւը Հայաստանի մէջ, նաեւ Հայաստանէն դուրս: Սփիւռքի երիտասարդները պէտք է տեղեակ ըլլան Հայաստանի մէջ նորագոյն արուեստբանութիւններու յառաջընթացին եւ առկայ հնարաւորութիւններուն մասին, իսկ այդ առումով Հայաստան իրօք առաջատար է: Կը նախատեսուի, որ շատ ծրագիրներ պէտք է ըլլան հէնց հայերէնով, որպէսզի սփիւռքահայ երիտասարդները շահագռգռուած ըլլան սորվելու հայերէն, քանի որ այն իրենց համար կրնայ դառնալ նաեւ աշխատանքային լեզու եւ նոր հեռանկարներ բանալ»,- Զաքար Խոճաբաղեան:

Ելոյթ ունեցան նաեւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Ջամբարճին, «1 Հայաստան» կազմակերպութեան ղեկավար Անահիտ Գալստեան, Ամերիկայի Աւետարանչական ընկերակցութեան  հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Յարութիւն Ներսիսեան եւ այլք:

12 3

 

Scroll Up