System of a Down-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առաջամարտիկն Է. The Oakland Press

Աշխարհահռչակ System of a Down ռոք խումբի առաքելութիւնը ոչ միայն մարդոց զուարճացնելն է, այլեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անոնց իրազեկելը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, այս մասին իր յօդուածին մէջ գրած է The Oakland Press-­ի լրագրող Կերի Կրաֆը:

Նշելով, որ արդէն մէկ տասնամեակ է, որ ռոք ­խումբը նոր ալպոմ չէ թողարկած` լրագրողը կը նշէ, որ ներկայիս խումբին անդամները կեդրոնացած են «Արթնցուցէք հոգիները» անուանումը ստացած շրջագայութեան վրայ, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին: «Այս շրջագայութիւնը աւելի կարեւոր է, քան System of a Down-­ի յաջորդ ալպոմը: Սա աւելի հեռահար բան մըն է եւ իրականութեան մէջ խնդիրը աւելի մեծ է, քան նոյն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սա համաշխարհային հարց է»,­- նշած է խումբի թմբկահար Ճոն Տոլմայեանը:

Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ 1994 թուականին խումբին հիմնադրումէն ետք System of a Down-­ը եղած է խնդիրը առաջ քաշող առաջամարտիկներէն մէկը, եւ անոնց պայքարը աւելի մեծ կշիռ հաւաքած է նաեւ հինգ փլաթինէ ալպոմներու շնորհիւ:

Կերի Կրաֆը կը նշէ, որ «Արթնցուցէք հոգիները» շրջագայութիւնը մեկնարկեց 2015 թուականի Ապրիլին Լոս Անճելըսի մէջ եւ եզրափակուեցաւ Ապրիլ 23-­ին` Ցեղասպանութեան տարելիցին նախորդող օրը Երեւանի մէջ: Խումբին մենակատար Սերժ Թանքեան նշած է, որ իրենց համերգային նոր շրջագայութիւնը ոչ միայն նոր հնարաւորութիւն է բարձրաձայնելու ցեղասպանութեան եւ անոր համաշխարգային ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին, այլեւ իւրօրինակ հնարաւորութիւն մըն է ցոյց տալու անոր կապը աշխարհի մէջ ներկայ դէպքերու հետ:

«Ամենավտանգաւորն այն է, որ ցեղասպանութիւնները այսօր կը շարունակուին: Չկայ որեւէ միջազգային համաձայնագիր` անկախ Ցեղասպանութեան մասին պայմանադրութենէն: Մեզի համար կարեւոր է ոչ միայն բարձրացնել իրազեկուածութիւնը, այլեւ օգնել՝ հասնելու արդարութեան»,-­ նշած է Թանքեանը:

Scroll Up