Լիբանանի Ծրագրաւորման Պետական Նախարարն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Ապրիլ 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի ծրագրաւորման պետական նախարար Միշել Ֆարաւոնը` տիկնոջ եւ ուղեկցող պատուիրակութեան հետ:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց լիբանանեան նախարարի այցը Հայաստան: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ձեր այցը նոր ուղիներ կը բացի հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններում` եւ՛ կառավարման, եւ՛ բիզնես ոլորտներում: Մեր նախարարութեան խնդիրներից է Սփիւռքին տեղեկացնել մեր որդեգրած ներդրումային քաղաքականութեան, նրա օրէնքների վերաբերեալ: Մեր կայքում 100-ից աւելի բիզնես ծրագրեր ենք դրել եւ փորձելու ենք դրանք տարածել նաեւ օտար բարեկամների շրջանում: Պէտք է նպաստենք Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ տուրիզմի զարգացմանը: Պէտք է Լիբանանի հանրութեանը ներկայացնել Հայաստանի առաւելութիւնները»:
Միշել Ֆարաւոն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, շեշտեց, որ սիրով եւ ոգեւորութեամբ կ’այցելէ Հայաստան: Ան նշեց. «Սա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան, առաջին անգամ եկած եմ 1999 թուականին: Այս անգամ աւելի տպաւորուած եմ: Հայաստանի մէջ քանի մը կարեւոր բան նկատեցի` անվտանգութիւն, քաղաքական կայունութիւն: Բարելաւուած են ներդրողներու պայմանները: Պէտք է համագործակցութիւն ըլլայ պետական եւ մասնաւոր հատուածներու միջեւ: Տնտեսութեան զարգացման համար կարեւոր է նաեւ Հայաստանի ընդգրկուիլը Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմին եւ Իրանի հետ տնտեսական ազատ գօտիին: Լիբանանի գործարարութեան համար նախընտրելի են Հայաստանի հետ գործնական կապերը: Այդ բոլոր հարցերը քննարկելու համար պէտք է տնտեսական ժողով կազմակերպել»:
Քննարկուեցան նաեւ սուրիացի փախստականներու տեղաւորման, անոնց կրթական եւ առողջական հարցերու լուծման ուղիներուն վերաբերող հարցեր: Կարեւոր համարուցաւ հայ-լիբանանեան կապերու ամրացումը եւ համագործակցութիւնը տնտեսական, կրթական, մշակութային ոլորտներուն մէջ: