«Աշխարհ Պէտք Է Ճանչնայ, Յարգէ Արցախի Ժողովուրդի Անկախութիւնն Ու Ազատութիւնը». Գլաուս Լանխէ Հազարեան

Ապրիլ 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց արժանթինահայ ճանչցուած լրագրող Գլաուս Լանխէ Հազարեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց հայազգի լրագրողի հայանպաստ գործունէութիւնը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար»  համահայկական շարժման ծիրէն ներս կատարած աշխատանքները:

Գլաուս Լանխէ Հազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ մասնաւորապէս նշեց. «Շուրջ քսանհինգ տարուան լրագրող եմ: Որպէս մասնագէտ, ինչպէս նաեւ մայրական կողմէ հայկական արիւն ունենալով` Արցախի հարցին անդրադառնալը ինծի համար շատ կարեւոր եւ օրակարգային է: Աշխարհը պէտք է ճանչնայ, յարգէ Արցախի ժողովուրդի անկախութիւնն ու ազատութիւնը:

Այդ նպատակով սկսայ Արժանթինի մէջ Արցախի մասին սպաներէն լեզուով տարաբնոյթ տեղեկատուութիւն տարածել, որպէսզի Արցախն ամբողջապէս ճանչցուի: Իմ ստեղծած www.soyarmenio.com.ar («Ես հայ եմ») կայքին մէջ առանձին «Լեռնային Ղարաբաղ» բաժին  բացած եմ, ուր յօդուածներ, լուրեր եւ այլ նիւթեր կը տեղադրեմ:

Իբրեւ հայ` ցանկութիւնս է լրագրողական աշխատանքով օգտակար ըլլալ Արցախին, նպաստել, որ Արցախն աշխարհի կողմէ ճանչցուի եւ արցախցին խաղաղ պայմաններու մէջ` առանց պատերազմի ապրի:

Կը կարծեմ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հիանալի նախաձեռնութիւն մը սկսած է` իրականացնելով «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժումը եւ 2017 թուականը Արցախի տարի հռչակելով:

Սա հիանալի առիթ է աշխարհասփիւռ հայերուն միախմբելու Արցախին սատարելու խնդրին շուրջ: Ես նոյնպէս կը միանամ համահայկական շարժման, միաժամանակ ուղիներ որոնելով` իմ շրջապատիս մէջ հնարաւորինս տարածելու այս ծրագիրը»:

%d5%b0%d5%a1%d5%a6%d5%a1%d6%80%d5%b5%d5%a1%d5%b61

Scroll Up