Միայն Հզօր Հայաստանը Կրնայ Լուծել Արցախի Ու Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը. ՀՀ Սփիւռքի Նախարար

Այսօր Հայ դատ ըսելով նկատի ունինք 3 բան` Արցախի ճանաչում, Ցեղասպանութեան ճանաչում ու դատապարտում եւ Հայրենիքի հզօրացում: Միայն հզօր Հայաստանը կրնայ լուծել Արցախի անկախութեան ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Այս մասին ըստ <Հայերն այսօրի>` Շուէտի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հեռաժողովին ընթացքին ըսաւ  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարը ընդգծած է Արցախի ճանաչման հարցի կարեւորութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ` անգամ քաղաքային խորհուրդներու ու առանձին նահանգներու: <Պէտք է օտարներին ներկայացնել, որ Արցախի պետութիւնը անցնող 25 տարիների ընթացքում  կառուցել է ժողովրդավարական պետութիւն, մինչդեռ Ատրպէյճանում կլանային իշխանութիւն է: Այդ երկիրն այսօր պետականօրէն ահաբեկիչներ է պատրաստում: Դրա ապացոյցն է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքում մեր զինուորին գլխատած ստահակ ահաբեկչին հերոսացնելու փաստը: Իսկ աշխարհն այսօր պայքարում է ահաբեկչութեան դէմ, ուստի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը պէտք է հրաւիրել այս հանգամանքի վրայ>,-նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը`յորդորելով աշխատանքներ տանիլ շուէտական քաղաքներուն մէջ Արցախի ճանաչման հարցը բարձրացնելու ուղղութեամբ:

Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի ղեկավար Արշակ Գաւաֆեան իր հերթին ընդգծեց շուէտահայ երիտասարդներու ոգեւորուածութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` այս օրերուն Հայրենիքի կողքին կանգնելու համար: Անոր խօսքով` շատերը պատրաստ են ֆիզիկապէս ըլլալու Հայոց բանակի կողքին առաջին անհրաժեշտութեան պարագային:

<Մայիսեան եռատօնի օրերուն Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէի նաեւ ես, եւ սա պատահական չէր: Այդ օրերուն, երբ Ատրպէյճան կը սպառնար նոր ռազմական գործողութիւններով, մենք ապացուցեցինք, որ  բանէ մը չենք վախնար, եւ Արցախի կողքին ոչ միայն Հայաստան պետութիւնն է, այլ նաեւ` ողջ հայկական Սփիւռքը>,-ըսաւ Արշակ Գաւաֆեան:

Scroll Up