20,000 Տոլար Կը Հաւաքուի Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան (AGBU-YPNC), Փետրուար 17-19-ի շաբաթավերջը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունցած կազմակերպութեան 17-րդ ձմեռնային աւանդական հաւաքին ընթացքին, գոյացած է 20,000 տոլարի հասոյթ մը, որ պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան կարիքները հոգալու ջանքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Քաղաքին մէջ շարք մը այլ հաւաքոյթներու կողքին, այս նախաձեռնութեան մասնակցողները քաղաքին մէջ եւ ապա հռչակաւոր Սոնոմա հովիտի գինիները համտեսելու շրջապտոյտներ կատարեցին, միաժամանակ յատկանշական գումար մը հաւաքելով բարեսիրական նշեալ նպատակին համար. այս մասին կը յայտնէ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Դաւիթ Օճախեան:

Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://norcal.agbuyp.org կայքը, իսկ սուրիահայութեան կարիքները հոգալու ջանքերուն նուիրատուութիւն կատարելու համար, www.agbu.org/syriarelief/help_syria.pdf կայքէջը։

Scroll Up