Մարդակերտումի Հնոց Քարէն Եփփէ ազգ. Ճեմարանի Նոր Հունձքի Մը Ամսավերջի Հանդէսը
«Պիտի գան նորերը, աւելի ուժեղները, պիտի գան աւելի վճռական սերունդներ եւ պայքարը պիտի շարունակուի»:
Վերոնշեալ գաղափարական սկզբունքով տոգորուած եւ քաջ գիտնալով, որ հայ ժողովուրդի գոյերթը երաշխաւորուած է իր նոր սերունդի զարգացման գրաւականով, Ք.Ե.Ա.ճեմարանը որպէս մարդակերտումի ամրակուռ հնոց Կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին, հալէպահայութեան շնորհեց պատուաբեր սերունդ մը, որուն 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսը ընծայեց գիտակից եւ զարգացած հայորդիներու հունձք մը:
Հանդիսութեան արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Սիրուն Մըխճեան ըսելով. «ՔարէնԵփփէ Ազգ. ճեմարանը սոսկ կրթական կառոյց մը չէ, այլ հաստատուն կռուան մըն է, որ նոր սերունդին մէջ կը սերմանէ ուսման ու զարգացման տենչը: Այսօր, վեց տարիներ ետք սրտի խորկսկիծով հրաժեշտ կու տանք սիրելի Ճեմարանին, մեր հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ, որոնք իրենց անջնջելի կնիքը պիտի դրոշմեն բոլորիս սրտերուն մէջ»:
Շրջանաւարտ Ալիս Գույումճեան հայերէն բացման խօսքով շեշտը դրաւ հետեւեալ մտածումներուն վրայ. «Որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սերունդ, մեր աշխատանքովամբողջ աշխարհին կ՛ապացուցենք, որ հզօր ազգ ենք: Մենք Ճեմարանի ազգայնաշունչ յարկինտակ ծանօթացանք մեր գիր-գրականութեան, հայոց պատմութեան փառահեղ էջերուն, ինչպէսնաեւ սորվեցանք սիրել ազգ ու հայրենիք եւ տէր կանգնիլ մեր ազգային արժէքներուն»:
«Մութը իմն է, մութը քոնն է լոյսը մեր…» յուսադրիչ այս բառերով ելոյթ ունեցաւ ուսանողական երգչախումբը, որ իր փայլուն երգեցողութեամբ խանդավառեց ներկաները, յաջորդաբար ներկայացնելով «Ռայաթէք պըլ ալի եա Սուրիա» եւ «Միասնութեան շուրջպար բռնենք»երգերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի:
Ապա գործադրուեցաւ իւրայատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ իրականութեանմէջ գեղեցիկ խճանկար մըն էր երգի, երաժշտութեան եւ ասմունքի բացառիկ պատառիկներու,քաղուած հայ եւ արաբ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն, բոլորն ալ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Հոն հնչեցին Յակոբ Նալպանտ-Տլտըլեանի «ՀրանդՏինք»ը, Մարգարիտ Շամիլեանի «Ապրիլ 24»ը, Տիմիթրի Հաթեմի «Ալ ուալաա ուալ ուաֆաա ուալ ամալ», Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի «Սրբացուած տարածք»ը եւ այլ բանաստեղծական գոհարներ, ինչպէս նաեւ «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն, «Գարահիսար»ն ու«Երբ որ բացուին դըռներն յուսոյ»: Այս բոլորը եկան հաստատելու, թէ շրջանաւարտ սերունդըչի ճանչնար ո՛չ տկարութիւն եւ ոչ ընկրկում, այլ կը հաւատայ, որ մօտ ապագային ձմեռը փախպիտի տայ մեր երկրէն եւ վերստին պիտի շողայ ազատութեան արեգակը:
Շրջանաւարտ Մեղրիկ Մուշոյեան արաբերէն ուղերձով ըսաւ. «Այսօր, տասներկու տարիներու անխոնջ աշխատանքէ ետք, կ՛արժանանանք սոյն վկայագիրներուն, որմէ ետք իւրաքանչիւրս պիտի շարունակէ իր ուղին կեանքի տարբեր բնագաւառներէն ներս, միշտ բարձրպահելով Ճեմարանի անունը: Յուզումնախառն եւ ճակատագրական այս պահուն երախտագիտական ջերմ զգացումներ կը յայտնենք Ձեզ, սիրելի ծնողներ, որ կեանքի տարբեր հանգրուաններուն թեւ թիկունք կանգնեցաք մեզի, հասնելու լաւագոյնին: Շնորհակալութիւն Ճեմարանի մեծ ընտանիքին, որ ամէն ջանք ի սպաս դրաւ դիմագրաւելու բոլոր մարտահրաւէրները»:
Պետական տնօրէնուհի Այշա Քապալան եւս արտասանեց իր խօսքը ըսելով. «Սիրելի՛ ճեմարանականներ, երկրորդական ուսման աւարտով ձեր դիմաց կը բացուին ապագայի լայն հորիզոններ, ուր կը պահանջուի յաւելեալ ճիգ` շարունակելու համալսարանական բարձրագոյն ուսումը: Յատուկ շնորհակալութիւն պաշտօնակիցներուս եւ գործակիցներուս, որոնքմիասնական ոգիով եւ լայնախոհութեամբ այս տարեշրջանը բոլորեցին, հալէպահայութեան ընծայելով նոր սերունդ մը»:
Շրջանաւարտ Գէորգ Եղիայեան իր սերնդակիցներուն անունով արտասանեց հայերէն ուղերձն ու ըսաւ. «Այս կրթական օճախը եղաւ բոլորիս հարազատ տունը, ուր կը տիրէր հայաշունչ ու ազգայնաշունչ մթնոլորտ: Երկար ու տքնաջան աշխատանքէ ետք հասանք այս բաղձալի օրուան, ուր մեր երազանքները ի վերջոյ իրականացան: Այս մեծ իրագործումին համարանուրանալի է Ճեմարանի յարգարժան տնօրէնութեան ու սիրելի ուսուցչական կազմիններդրումը, որոնք սրտբաց ընդունեցին մեր մտահոգութիւնները, ջանալով ճիշդ ուղղութիւնտալ իւրաքանչիւրիս»:
Բեմավար Սեւան Շահպազեան հրաւիրեց Ք.Ե.Ա.ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, որիր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով. «Հակառակ ճգնաժամային այս անցուկօրերուն, Ճեմարանը մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն ու առաքելութեան եւ պատրաստեց ապագայի հայ երիտասարդը, դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները, կազմելուհայ ընտանիք, պահպանելու եւ զարգացնելու հայ մշակոյթն ու հետապնդելու Հայ Դատը:Ք.Ե.Ա.ճ.-ը պատնէշի վրայ կանգուն կը մնայ եւ աննկուն կամքով կը գոյատեւէ, յանուն հալէպահայութեան նորահաս սերունդի կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան»: Ապա ան փոխանցեց 2014-2015 տարեշրջանի Ճեմարանի գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, լուսարձակի տակ առնելով անոր թուային պատկերը, ուսումնակըրթական կեանքը եւ արտադպրոցական աշակերտական մրցաշարքերու մեր ուսանողութեան ձեռք բերած պատուաբերարդիւնքները` տեղական, պետական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջանաւարտից Միութեան ներկայացուցիչ Նորիկ Մարաշլեան,պարգեւատրելու երկրորդականի 2013-2014 տարեշրջանի առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտները.-
Տասներորդ կարգ. Ճորճ Պէզճեան, Նարօտ Պարսումեան, Գէորգ Մանուկեան: Տասնմէկերորդկարգ (Գրական բաժին). Աննա Քրիսթինա Պապիկ, Նաթալի Պալեան, Ալին Աճէմեան: Տասնմէկերորդ կարգ (Գիտական բաժին). Ալիք Սարեան, Սերէնա Սարգիսեան, Անի Մկրտիչեան: Իններորդ կարգ (2013-2014). Ճորճ Պէզճեան, Յարութ Հաննա Խրոյեան, Գէորգ Մանուկեան: Իններորդ կարգ (2014-2015). Յակոբ Սասունեան, Սարգիս Պալապանեան, Վանա Եագուպեան:Տասներկրորդ կարգ (Գրական բաժին). Մարէն Պապեան, Հրակ Պազարպաշեան, Յակոբ Արապօղլեան: Տասներկրորդ կարգ (Գիտական բաժին). Թինա Գասպարեան, Մարինա Փանոսեան, Մարիա Հայրապետեան:
Արդարեւ, տարիներու սովորութեան համաձայն տեղի ունեցաւ վաստակաշատ կրթական մշակներու պարգեւատրում, խնամակալութեան անդամ Զարմիկ Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեանի ձեռամբ: Պարգեւատրեալներն էին` կրօնագիտութեան դասատու Արժ. Տ. Տաթեւ Ա.Քհնյ. Միքայէլեան, հաշուապահ Արսէն Արսէնեան, բնագիտութեան դասատու Ամալ Նահհասեւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչ Մուհամմէտ Ալ Ալայլի: Իսկ կրօնագիտութեան ուսուցչուհիՀուրինա Պէրպէրեան- Վերտանեան արժանացաւ «Տիպար Ուսուցչուհի»ի կոչումին:
Վերջապէս հասաւ երկար սպասուած պահը, ուր եօթանասունհինգ խիզախ տղաք ու աղջիկներ, որոնք մկրտուած էին «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սերունդ» անունով բեմ բարձրացան, ստանալու երկրորդականի վկայականը, փայլուն էջ մը աւելցնելով Ճեմարանիպատմութեան ոսկեմատեանին մէջ:
Նախքան վկայականաց բաշխման արարողութիւնը Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանիյատուկ պարգեւին տիրացաւ ճեմարանի վեցամեայ ուսանողական շրջանին սերունդի տիպար եւ գերազանց աշակերտ` Գէորգ Եղիայեան, ինչպէս նաեւ Էօժէնի Պետրոսեանի պարգեւին արժանացաւ վեց տարիներ անընդմիջաբար հայերէն լեզուի մէջ բարձրագոյն նիշ ապահոված Մեղրիկ Մուշոյեան: Տեղին է նշել, որ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր նախնիներու աւանդին անսալով, այս տարի եւս յատուկ գիրքերով պարգեւատրեց տասներկրորդ կարգի հայերէն լեզուի գերազանց աշակերտները:
Հուսկ, թեմակալ առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը, անդրադառնալով երեք հիմնականնպատակներու եւ ըսաւ. «Մարդը առանց նպատակի կը դադրի մարդ ըլլալէ: Արդ, գլխագիրՄԱՐԴ ըլլալը վեհագոյն նպատակը թող ըլլայ ձեր կեանքին, նամանաւանդ, որ Ճեմարանիհայա- կերտումի այս քուրային մէջէն մարդակերտումի սերմերը ի սկըզբանէ տեղաւորուեցան ձեր մէջ: Անհատական կեանքի ձեր գերագոյն նպատակակէտը թող ըլլայ գիտութեաննուաճումներուն մէջ մասնակից դառնալը, իսկ ձեր վերջնական նպատակը թող ըլլայ մարդկութեան, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը: Արդ, որպէս «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սերունդ» թող ձեր աչքերուն մէջ հաստատակամութիւնը ամրագրուի, իսկ ձեր ձեռքիսեղմումին մէջ` անվեհերութիւնը, որպէսզի անվախ քալէք դէպի առաջ»:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Ճեմարանի քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով:
Մարիա Սարգիսեան