Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Չեխիոյ Մէջ

Ապրիլ 20-ին` ժամը 12:00-12:30, Փրակայի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փրակայի հայ երիտասարդական միութեան» կողմէ կազմակերպուած լուռ բողոքի ցոյցը:

Ցոյցին նպատակն է յիշեցնել հասարակութեան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ պահանջել Չեխիոյ խորհրդարանէն չլռել, գործել եւ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, կը տեղեկացնէ Չեխիոյ հայ համայնքի «Ապրիլ 24» կոմիտէն:

Ապրիլ 22-ին` ժամը 17-ին, Եիհլաւայի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն, որուն ներկայ պիտի ըլլան Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը, Ուրարտու Հայ-չեխական միութեան նախագահ Ալեքսանդր Սարգսեանը, իսկ ժամերգութիւնը պիտի իրականացնէ Չեխիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւճեանը:

Ապրիլ 23-ին` ժամը 15-ին, Պռնօ քաղաքի Հուսինեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբոց նահատակաց արարողութիւն, որ պիտի մատուցէ Չեխիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւճեան: Ապրիլ 24` 15:00-ին, Ծաղիկներ պիտի դրուին Ֆրանց Վերֆելի տան մօտ, 15:30-ին ծաղիկներ պիտի դրուին խաչքարի մօտ: Ժամը 16:00 քայլերթ պիտի մեկնարկէ: 17:30-ին` եկեղեցական արարողութիւն, յուշ-ձեռնարկ Ս.Հոգի եկեղեցւոյ մէջ

Scroll Up