Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Համերգ Լիոնի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Համերգ-Լիոն.jpg)
Փետրուար 27-ին Լիոնի «BOURSE DU TRAVAIL» համերգային դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Մեր աչքերը, մեր հոգին, մեր յիշողութիւնը» խորագիրով համերգ, կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը:
Համերգային ծրագիրի գլխաւոր դերակատարը Լիոնի «Նայիրի» պարախումբն էր: Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Ֆրանսահայ երգիչ Եսայի Ալթունեան եւ տուտուկահար Լեւոն Մինասեան: