Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Ընդառաջ Բողոքի Ցոյց Հաագայի ՄԷջ. ուղիղ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/ցույց.jpg)
Այս պահուն Հաագայի Het Plein հրապարակին վրայ` Հոլանտայի խորհրդարանին մօտ, մեկնարկած է Համագործակցող հոլանտահայ կազմակերպութիւններու Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու առաջինը: «Նիտերլանտական օրագիրի» ֆէյսպուքեան էջին փոխանցմամբ` բողոքի հանրահաւաք-ցոյցին նախատեսուած է նաեւ Նիտերլանտներու քանի մը պատգամաւորներու ելոյթները:
Քիչ առաջ Համագործակցող հոլանտահայ կազմակերպութիւններու պատուիրակութեան անդամներէն քանի մը հոգի մտան խորհրդարանի շէնք’ փոխանցելու պահանջագիր, ուր յորդոր կ’ըլլայ յստակ կիրառել խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան վերաբերող դրոյթները: Այնուհետեւ անոնք կրկին միացան Հաագայի Het Plein հրապարակին վրայ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին: