Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հանդիպումը Փորձնական Շրջանը Իրականացուցած Ուսանողներու Հետ

Ապրիլ 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպեցաւ 2017թ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ իրենց փորձնական շրջանը  իրականացուցած ուսանողներուն հետ:

Նախարարը շնորհաւորեց Երեւանի պետական համալսարանի, Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային եւ ՀՀ պետական կառավարման ակադեմիաներու ուսանողները` իրենց փորձնական շրջանը  նախարարութեան մէջ յաջողութեամբ իրականացնելու համար: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւրն իր աշխատանքով պէտք է իր նպաստը բերէ Հայաստանի զարգացման եւ աւելցուց. «Դրա համար անհրաժեշտ է լինել կրթուած եւ մրցունակ, աշխատանքի հանդէպ ունենալ բարձր պատասխանատուութեան զգացում, լինել լաւատես եւ մշտապէս ձգտել ձեռք բերել նորանոր գիտելիքներ»:

Ներկայացնելով Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ նախարարութեան հիմնական նպատակներն են հայապահպանութիւնը, Սփիւռքի ներուժի օգտագործումը Հայաստանի զարգացման գործին մէջ եւ հայրենադարձութեան նպաստող ծրագիրներու իրականացումը: «Մենք չենք կարող հրամայել Սփիւռքին, բայց փորձում ենք երկխօսելու, մեր ծրագրերը ներկայացնելու շնորհիւ ստեղծել վստահութեան եւ գործակցութեան առողջ մթնոլորտ: Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ մինչ օրս մեր նախարարութիւն այցելած որեւէ սփիւռքահայ հիասթափուած չի հեռացել: Աւելին, մեր իրականացրած ծրագրերի արդիւնքում Հայաստան են եկել, բարձրագոյն կրթութիւն ստացել հարիւրաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներ», – աւելցուց նախարարը:

Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը լսեց հանդիպման ներկայ բոլոր ուսանողներուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր կարծիքը նախարարութեան մէջ իրականացուցած փորձնական շրջանին վերաբերեալ: ԵՊՀ ուսանող Մարիամ Սիմոնեան նշեց, որ շատ բան  սորված է  նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագրութեան մէջ: «Ես նոյնիսկ երկու յօդուած գրեցի եւ ատոնք տպագրուեցան սփիւռքեան երկու լրատուամիջոցներու մէջ: Ես շատ սիրեցի այս աշխատանքը եւ սիրով կը ցանկայի  վերադառնալ, աշխատիլ այստեղ», – նշեց ան:

Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի ուսանող Արամ Ալեքսանեան աւելցուց. «Նախարարութեան մէջ արհեստավարժ անձնակազմ կ’աշխատի, եւ ես հնարաւորութիւն ունեցայ ամբողջական պատկերացում կազմելու Սփիւռքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու վերաբերեալ: Շատ կարեւոր է իմանալ, թէ օտար ափերու վրայ ապրող մեր հայրենակիցները ինչպէս կը կազմակերպեն իրենց համայնքային առօրեան, հայապահպանութեան ուղղուած ինչ ձեռնարկներ  այնտեղ կ’իրականացնեն»:

Բոլոր ուսանոնղները ընդգծեցին, որ նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներուն մէջ կը տիրէ առողջ աշխատանքային մթնոլորտ, որուն արդիւնքով իրենք արագ ընդելուզուած են աշխատակազմին եւ իւրացուցած անհրաժեշտ գիտելիքներ: ԵՊՀ ուսանող Վարդան Պօղոսեան նշեց. «Ես շատ սիրեցի յատկապէս «Արի տուն» ծրագիրը եւ սիրով կը հիւրընկալեմ ծրագիրի մասնակիցներէն մէկուն»:

ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւներու բաժանմունքի փորձնական շրջանի ուսանոնղներու ղեկավար Գրիգոր Բալասանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` տարիներ շարունակ իրենց համալսարանի ուսանողներուն փորձնական շրջանը նախարարութեան մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար եւ ըսաւ. «Մենք միայն կ’ափսոսանք, թէ ինչու  փորձնական շրջանի իրականացման ժամկէտն ընդամէնը 4 շաբաթ է: Մեր ուսանողները սիրով կ’ընդգրկուին եւ կ’աջակցին յատկապէս «Արի տուն», ծրագիրին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի կազմակերպման գործին»:

Բարձր գնահատելով ուսանողադասախօսական անձնակազմի պատրաստակամութիւնը` նախարարութեան ծրագիրներուն մէջ ընդգկուելու եւ հնարաւոր աջակցութիւն ցոյց տալու հարցով` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Սփիւռքի նախարարութիւնը համարէք ձերը: Եկէք եւ մասնակցէք մեր միջոցառումներին: Մենք սիրով կ’ընդառաջենք բոլոր այն պրակտիկանտներին, ովքեր կը գան եւ կը ցանկանան մասնակցել մեր ամարային ծրագրերին»:

Հանդիպման աւարտին ուսանողներն իրենց յուզող հարցերն ուղղեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարին եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ:

12345 6

 

Scroll Up