«Ես Այնքա՜ն Վստահ Եմ, Որ Հայաստան Անպայման Պիտի Ծաղկի». Պետրոս Կիւրունլեան
Աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութեան բնօրաններէն մէկուն մէջ` Էկէյեան, Հոնիական եւ Միջերկրական ծովերու ջուրերով ողողուած ափերուն մօտ գտնուող Յունաստանի մէջ, հայերը հաստատուած են դեռեւս 5 –է 6-րդ դարերուն, հիմնած են քաղաքներ ու եկեղեցիներ, դպրոցներ ու մշակութային օճախներ, պարբերականներ, գործարաններ, նշանաւոր ընկերութիւններ, բացած զանազան արտադրութիւններ: Մերօրեայ հայ արտադրողներէն այս օրերուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ Աթէնքէն հիւրընկալուած գործարար Պետրոս Կիւրունլեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ ունեցած զրոյցին ընթացքին, այս ալ` որերորդ անգամ, առիթ կ’ունենամ հիանալու հայու` դարերու խորքէն եկող, աւելին` ի վերուստ տրուած անքննելի բացառիկ տաղանդով, աշխատասիրութեամբ, մտքի թռիչքներով:
-Բարո՛վ եկած էք, պարո՛ն Կիւրունլեան. տեղեկացուած եմ, որ Դուք գործարար-արտադրող էք, ըսէք, խնդրեմ, ի՞նչ արտադրութեան մասին է խօսքը:
-Իմ նախնիներուս ձգած գործը կը շարունակեմ, այսինքն` մսամթերքի արտադրութիւն ունինք, երկու տղաներուս հետ կ’աշխատիմ: Այդ արտադրութիւնը հիմնադրուած է մեծհօրս կողմէ` դեռեւս 1922 թուականին: Արտադրութիւնը անուանած ենք հօրս անունով` «Միրան» :
-Ուրկէ՞ են Ձեր արմատները:
-Մօրս արմատները Ատանայէն են, հօրս արմատները` Կապադովկիայէն են, Կեսարիայէն, ծնողներս Յունաստան ծնած են, մենք` եւս: Յունաստանի մէջ հայերը միշտ մեծ թիւ կազմած են եւ իրենց շնորհքով աչքի ինկած բոլոր ոլորտներուն մէջ:
-Եր՞բ առաջին անգամ եկած էք Հայաստան եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ կը տեսնէք հիմա:
-1992-93 թիւերուն եկած եմ Հայաստան, երբ ջուր, լոյս չկար: Հիմա հսկայական տարբերութիւն կը տեսնեմ, կարծես այլ աշխարհի մը յայտնուած եմ: Երեւանը որեւէ բանով պակաս չէ շատ մեծ ու հռչակ ունեցող քաղաքներէ. Աթէնքէ՛ն ալ ,Լոնտոնէ՛ն ալ պակաս բան չունի, եւ ունի այնպիսի առաւելութիւններ, որ չունին այլ քաղաքներ` ապահովութիւն եւ մարդկային ջերմութիւն, հիւրասիրութիւն: Աշխարհով մէկ սփռուած եւ Հայաստան ապրող բոլոր հայերը պէտք է սիրեն ու աշխատին Հայրենիքին համար: Ես այնքա՜ն վստահ եմ, որ Հայաստան անպայման պիտի ծաղկի:
-Պարո՛ն Կիւրունլեան, Ձեր արտադրանքը միայն հայկական աւանդական տեսականի՞ է` պասթուրմա, սուճուխ, քիւֆթա …
– Կ’արտադրենք եւ՛ հայկական աւանդական տեսականի, եւ՛ եւրոպական, եւ այդ ամէնը կ’առաքենք Յունաստանի տարածքին մէջ գործող մեր ընկերութեան պատկանող խանութներուն:
-Յունաստանէն դուրս առաքում չունի՞ք…
-Ունի՛նք. մեր արտադրանքը կ’ուղարկենք նաեւ Ֆրանսա, Շուէտ, Աւստրիա…
-Նպատակ ունի՞ք արդեօք Հայաստանի հետ եւս համագործակցելու:
-Կը մտածենք այդ ուղղութեամբ, սակայն կան փոքր-ինչ դժուարութիւններ, որոնք, կը կարենանք յաղթահարել: Արդէն կապերը կան:
-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ վաղու՞ց բարեկամացած էք:
-Նախարարին հետ շատոնց ծանօթացած եմ. առաջին անգամ Հայաստանի մէջ հանդիպած եմ, յետոյ` Աթէնքի: Ապրիլ 12-ին իմ այցելութիւնս նախարարութիւն համընկաւ նախարարի ծննդեան տօնին, եւ ես հաճելի առիթ մը ունեցայ շնորհաւորելու զինք` մաղթելով, որ միշտ հրաշալի նախաձեռնութիւններու հեղինակ ըլլայ եւ շարունակէ այդ կարեւոր աշխատանքը` ի շահ Հայրենիքին, Սփիւռքին:
-Պարո՛ն Կիւրունլեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ամիսներ առաջ սկսած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժումը. լսա՞ծ էք այդ մասին, միացա՞ծ էք այդ շարժումին:
-Շատոնց եւ շատ անգամ օժանդակած ենք Արցախին. մենք բժշկական զանազան սարքաւորումներ նուիրած ենք Ստեփանակերտի հիւանդանոցին, յաճախ գացած եմ Արցախ` սկսած արցախեան գոյամարտի առաջին պատերազմի տարիներէն: Շա՜տ կը սիրեմ այդ չքնաղ բնաշխարհը: Ըսեմ նաեւ, որ իմ ընտանիքս նուիրատուութիւն ըրած է . արդէն 14 տարի է, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անհատոյց տուած եմ իմ բնակարանս, որ ներկայիս ալ այնտեղ կը գործէ:
-Շնորհակալութիւ՛ն, յարգելի՛ հայրենակից. յուսանք, որ մսամթերքի Ձեր տոհմական արտադրանքը մօտ ապագային կը գրաւէ նաեւ հայաստանեան շուկան:
Հարցազրոյցը` Կարինէ Աւագեանի