«Այսօր Մեր Հասարակութիւնը Կը Վստահի Հայ Արտադրողին». Մարիանա Քաբաբեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/Մարինա.jpg)
Երեւանի «Տաշիր» առեւտրի կեդրոն այցելողները չեն կրնար անտարբեր անցնիլ 4-րդ յարկի սրահներուն մօտէն, ուր կը ցուցադրուին եւ կը վաճառուին արուեստի գործեր` նկարներ, կիրառական զարդարուեստի տեսականի, ազգային ոճով կարուած տարազներ, ինչպէս նաեւ` մերօրեայ հագուստեղէն, շալեր, հիւսուած աշխատանքներ, փայտագործական ժողովրդական արուեստի նմուշներ, բժշկական գեղադեղ միջոցներ, մոմեր, օճառներու տեսականի, կօշկեղէն, յուշանուէրներ…տեղական արտադրողներու բարձրորակ աշխատանքներն, ի ուրախութիւն մեզ, այսօր իրենց ուրոյն տեղը կը գրաւեն ոչ միայն ներքին, այլեւ` արտաքին շուկային մէջ: Այս եւ նման այլ հարցերու շուրջ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալեցաւ մեր զրոյցը «Armenian brands»- «Հայկական ապրանքանիշեր» նախագիծի ղեկավար Մարիանա Քաբաբեանի հետ:
-Մարիանա՛, ըսէք, խնդրեմ, թէ որուն մտայղացումն է այս նախագիծը:
-Գաղափարը «Տաշիր Ինվեստ Գրուպ»-ինն է, իսկ ես այդ կազմակերպութեան աշխատակիցն եմ, ուղղակի ես միացած են այս նախագիծին, որպէսզի զբաղուիմ կազմակերպչական աշխատանքներով: Թէեւ մասնագիտութեամբ բանասէր եմ, ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ, սակայն հաճելիօրէն կ’աշխատակցիմ այս յայտնի կազմակերպութեան:
-Դժուա՞ր էր լծուիլ այս պատասխանատու եւ լայնածաւալ աշխատանքին:
-Ահռելի աշխատանք եղած է. հարկաւոր էր մէկտեղել բոլոր հայ արտադրողները ու ներկայացնել մէկ յարկի տակ. ցաւօք, այդ գաղափարը չկրցանք իրականացնել, բոլորին չկրցանք այստեղ ներկայացնել: Մեզի միացան այն արտադրողները, որոնք հաւատացին մեզի, հաւատացին գաղափարի իրականացման եւ ցանկացան համագործակցիլ մեզի հետ: Սա մշտական գործող խանութ-սրահ է, առեւտրային հարթակ, ուր իրենց աշխատանքները ներկայացուցած են մօտ 60 հայ արտադրողներ: Ի սկզբանէ փորձած ենք կապ հաստատել հագուստ ձեւաւորողներու հետ, հագուստի սրահ բացած ենք, որմէ յետոյ շատ արտադրողներ իրե՛նք եկան եւ մեզի հետ համագործակցելու ցանկութիւն յայտնեցին: Փա՛ռք Աստուծոյ, այսօր մեր հասարակութիւնը կը վստահի հայ արտադրողին եւ գնումներ կը կատարեն այստեղէն: Կանանց տօնի միամսեակի ծիրէն ներս իրականացուցինք մեզի համար աննախադէպ նախագիծ մը` առաջին անգամ կազմակերպելով ցուցահանդէս-վաճառք, որուն ընթացքին ներկայացուցինք երկու հայ նկարչուհիներու` Աննա Յարութիւնեանի եւ Յասմիկ Աւետիսեանի կտաւները: Աննա Յարութիւնեանի հետ որոշած ենք երկարատեւ համագործակցիլ եւ պարբերաբար ներկայացնել հայ տարբեր նկարիչներու աշխատանքները, որպէսզի մարդիկ կարենան այստեղէն նաեւ արուեստի գործեր` նկարներ ձեռք բերել: Մեր սրահին մէջ արդէն ունինք նկարիչներու համար մշտապէս գործող հատուածներ, սակայն այս ցուցահանդէս-վաճառքով ալ կը ներգրաւենք նոր դէմքեր, նոր արուեստագէտներ: Սա եղած էր միամսեակի ծիրէն ներս, որուն բացումը տեղի ունեցաւ նորաձեւութեան ցուցահանդէսին հետ համատեղ, եւ մենք ազդարարեցինք այդ ցուցահանդէսի բացումը, որ աւարտեց Ապրիլ 7-ին: Հագուստի եւ կտաւներու հատուածը կը մնան եւ մշտապէս պիտի գործեն:
-Մարիանա՛, հայկական տարազներով եւ ազգային ոճի արդուզարդով միայն օտարեկրացինե՞րը կը հետաքրքրուին:
– Մեծ ուրախութեամբ պէտք է փաստեմ, որ ազգայինը կը հետաքրքրէ ոչ միայն դուրսէն եկածներուն. տեղացիներն ալ սիրով կը գնեն ատոնք եւ համարձակօրէն կր կրեն առօրեային մէջ: Մեր ձեւաւորողներն ալ հայկական ազգային տարրերը կ’օգտագործեն իրենց ներկայացուցած հաւաքածուներուն մէջ: «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը, որ ազգայինի պահպանման եւ վերածնունդի ջատագովն է, այստեղ պարբերաբար կը կազմակերպէ ու կը ներկայացնէ նորաձեւութեան ցուցադրութիւններ` ներկայացնելով հայկական տարազներ: Այս կեդրոնին մէջ կը գործէ նաեւ լուսանկարահանման անկիւն, ուր մարդիկ կրնան գալ, հագնիլ ազգային տարազ ու լուսանկարուիլ: Մենք ծրագրած ենք համագործակցիլ նաեւ զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու հետ. մեզմով հետաքրքրուած են եւ՛ դուրսէն եկողները, եւ՛ հայաստանաբնակները, այսինքն` մեր կազմակերպութիւնը կ’ընդլայնուի, կը մեծնայ մեզմով հետաքրքրուողներու աշխարհագրական տարածքը: Յուսանք, որ մրցակցային դաշտին մէջ հայ արտադրողները մօտ ապագային կը գրաւեն առաջնային տեղեր եւ հայկական ապրանքանիշերը կ’ըլլան ամենափնտռուողները:
Մարիանա Քաբաբեանի հետ իմ զրոյցս կը շարունակէ սուրիահայ, ապագայ լրագրող Լիւսի-Վանան, որուն կը հետաքրքրէին ցուցահանդէս-վաճառքի առիթով եղած արձագանքները, «Տաշիր» առեւտուրի կեդրոնին մէջ թրքական ապրանքի առկայութեան պարագային հայ արտադրողի ապրանքանիշի յաջողութեան գրաւականը, այդ երկու տարբեր երկիրներու ապրանքանիշերու մէկտեղումը մէկ յարկի տակ, իսկ Մարիանան կը պատմէ բազմաթիւ դրական արձագանքներու մասին եւ հայկական ապրանքանիշի մրցունակութեան` տարիէ տարի հզօրացող ներուժին մասին:
Կարինէ Աւագեան