Արցախցի Մանկավարժները Տպաւորուած Են Պէյրութ Կատարած Այցելութիւնով

«Հայերն այսօր»-ն իր ընթերցողներուն արդէն տեղեկացուցած էր, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման միացած է նաեւ Պէյրութի «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանը` գործնական մասնակցութիւն բերելով ծրագիրին: Վարժարանը որոշած էր Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցն ընդունել իբրեւ քոյր վարժարան եւ Պէյրութ հրաւիրել այդ վարժարանի յարկին տակ գործող, յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու հետ զբաղուող 3 մասնագէտներու` դիտարկութեան շաբաթ  անցնելու Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքին մէջ, փորձառութիւններ փոխանակելու եւ վերարժեւորման յատուկ դասընթացներուն հետեւելու:

Ապրիլ 4-ին վերոնշեալ դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեան, ուսուցչուհիներ Լուսինէ Սաիյեանն ու Ռուզաննա Աւետիսեանը Պէյրութ մեկնեցան` «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանին մէջ մասնակցելու ներառական կրթութեան դասընթացքին: Մինչեւ մեկնիլը ուսուցչակազմին ընդունած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` բարի ճանապարհ մաղթելով եւ յորդորելով ամուր կապուիլ Սփիւռքի գործընկերներուն հետ, անոնց փոխանցած գիտելիքները, փորձը ներդնել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Հայաստան վերադառնալէ ետք նոյնպէս ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունած է տնօրէնը եւ ուսուցչուհիները, որմէ ետք անոնք «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կիսուած են աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւններով:

«Վառ տպաւորութիւններով  վերադարձած ենք, Լիբանանի մէջ հայրենասիրութեան մեծ դարբնոց մը տեսանք: Հիացած ենք համայնքի համախմբուածութիւնով, մեր հայրենակիցներուն` ազգօգուտ հզօր աշխատանքներ կատարելուն, որ կրնան  օտար ափերու վրայ շուրջբոլորը հայկական միջավայր ստեղծել: Համերաշխ մթնոլորտի մէջ բոլորը մէկ գաղափարի կը ծառայեն` պահպանել հայու ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը»,-ըսաւ Մելսիդա Քարդումեան` աւելցնելով, որ աշխատանքային յագեցած օրեր ունեցած են, հանդիպած են համայնքային ներկայացուցիչներու, այցելած աւանդական երեք կուսակցութիւններու գրասենեակները, հայկական թերթերու խմբագրութիւններ, հարցազրոյցներ  տուած «Ռատիօ Վան», «Ռատիօ Սեւան» ձայնասփիւռներուն:

Ուսուցչուհիները ներառական կրթութեան վերաբերեալ դասընթացքը արդիւնաւէտ ու օգտակար կը համարեն. անընդհատ բազմակողմանի քննարկումներու, գործնական համաժողովներու  մասնակցած են, այս առնչութեամբ նաեւ գիտաժողով կազմակերպուած է: Անոնք այն կարծիքին են, որ ձեռքբերուած գիտելիքները, մասնագիտական հմտութիւններն ու իրենց տրամադրած կարեւոր նիւթերը յետագային ներառական կրթութեան աշխատանքները լիարժէքօրէն կատարելու համար ամուր հիմք կը հանդիսանան:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up