ԱՄՆ-ի Ամենաքննարկուող Հայերէն Մէկը Եւ Տնական Գարեջրագործութեան Հայրը

Չարլի Փափազեան գիտէ գրեթէ ամէն ինչ տնային պայմաններուն գարեջուրի պատրաստման մասին: Ամբողջ աշխարհի մէջ սիրուած խմիչքի ամերիկեան գիտակն այս գործին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով rusarminfo.ru կայք-էջին, կը յայտնէ, որ Չարլի Փափազեան, որուն յաճախ կ´անուանեն ամերիկեան գարեջրագործութեան յեղափոխական, ծնած է 1949 թուականին Նիւ-Ճըրսի` հայկական ընտանիքի մէջ: Գարեջրագործի նախնիները ԱՄՆ  տեղափոխուած են Արեւմտեան Հայաստանէն:

Չարլին կրթութիւն  ստացած է Վիրժինիա նահանգի համալսարանին մէջ` հիւլէական ուժի ճարտարագէտ  մասնագիտութեամբ, սակայն առօրեայ կեանքին մէջ կը զբաղուի գարեջրագործութեամբ` դառնալով տնային գարեջրագործութեան շարժման հիմնադիր:

1979 թուականին` Տենվէրի մէջ, Փափազեան հիմնադրած է տնական գարեջրագործութեան ընկերակցութիւնը, երբ մէկ տարի առաջ ԱՄՆ նախագահ Ճիմմի Քարթըրը տնական գարեջուր արտադրողներու համար շուկայ մուտք գործելու մասին օրէնք  մը ստորագրած էր: Իսկ անոր «Տնական գարեջրագործութեան լիակատար հաճոյքը» գիրքը, որ հրատարակուած է 1984 թուականին, ամբողջովին փոխեց ամերիկացիներուն վերաբերմունքը  տնայնագործ գարեջուրի նկատմամբ:

Կ´ըսեն, որ հէնց այդ հեղինակային աշխատանքն  ոգեւորած է Ամերիկայի տնական գարեջուրի սիրահարներուն  կարգաւորել արդիւնաբերութիւնը  եւ դուրս գալ շուկայ:

Փափազեանի ջանքերով 1980-1990-ական թուականներուն տնայնագործ գարեջուրի արտադրութիւնը դարձաւ ԱՄՆ–ի փոքր գործարարութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն  մէկը:

2005 թուականին Փափազեանի ընկերակցութիւնը իր մէջ ներառեց Ամերիկեան գարեջրագործական կազմակերպութիւնը` դառնալով խոշորագուն կառոյցներէն մէկը աշխարհի մէջ, որ մինչ օրս առաջ կը տանի ամերիկացի տնայնագործ գարեջուր արտադրողներու շահերը:

Ամերիկահայը կը հանդիսանայ Տնական գարեջրագործութեան հիմնարկի եւ Ամերիկեան գարեջուրի մեծ փառատօնի (GABF) հիմնադիրը, որ 30 տարիներու ընթացքին աւանդաբար կ´իրականացուի Գոլորատօ նահանգի Տենվէր քաղաքին մէջ:

Այսօր ԱՄՆ-ի մէջ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մեծ յաջողութիւն ունի Չարլի Փափազեանի հայկական կայսերական տնայնագործ գարեջուրի բաղադրատոմսը: Գարեջուրի բաղադրիչներ կը հանդիսանան սաթի մզուածքը (էքստրակտ), սեւ մատուտակը, տապակած գարին, հոտաւէտ գայլուկը եւ այլն:

Չարլի Փափազեանին կը պատկանի  նաեւ ամերիկացիներուն կողմէ յաճախ օգտագործուող հետեւեալ արտայայտութիւնը ` «Մի՛ մտահոգուիր, թուլացի՛ր ու տնակա՛ն գարեջուր խմէ»:

Մարիամ Սիմոնեան

ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի  4-րդ շրջանի ուսանողուհի

%d5%b9%d5%a1%d6%80%d5%ac%d5%ab1 %d5%b9%d5%a1%d6%80%d5%ac%d5%ab2

 

 

 

Scroll Up