Այվազովսկին Նուիրուած Ձեռնարկ Արտաշատի Աւագ Դպրոցին ՄԷջ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս իրականացուող «Մեր մեծերը» ծրագիրի մեկնարկը Արտաշատի աւագ դպրոցին մէջ տրուեցաւ հայ անուանի ծովանկարիչ Հ. Այվազովսկին նուիրուած ձեռնա րկով, որ տեղի ունեցաւ օրերս:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ինկը յայտնեն դպրոցէն, աշակերտները ներկայացուցին անուանի ծովանկարիչի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Ուշագրաւ էր «Հ. Այվազովսկիի նկարները երեխաներուն աչքերով» խորագիրը կրող նկարներու ցուցահանդէսը:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին դպրոցի VIII-XII դասարաններու աշակերտները: Ներկայացուած լաւագոյն աշխատանքներուն եւ գործուն մասնակցութեան համար աշակերտները պարգեւատրուեցան պատուոգիրներով: