Ձեռնարկ` Նուիրուած Վահէ Հայկին

«Մեր մեծերը» խորագիրով ձեռնարկներու շարքէն Մարտ 17-ին Շիրակի մարզի Վահրամաբերդի միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած սփիւռքահայ գրող Վահէ Հայկին: Այն կազմակերպած էր դպրոցի լեզուագիտական մասնախումբը (ուսուցչուհի` Ա. Սարգսեան): Ձեռնարկին նպատակն էր ճանչնալ մեր մեծերուն, ծանօթանալ սփիւռքահայ հեղինակներու գործերուն: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Վահրամաբերդի միջնակարգ դպրոցէն:

Ձեռնարկին  նիւթը Վահէ Հայկի «Կաթիդ փարան չմոռնաս» պատմուածքն էր: Աշակերտները նախապէս կարդացած էին պատմուածքը, ծանօթացած Վահէ Հայկի կենսագրութեան: Գրողի կեանքը, հասարակական գործունէութիւնը ներկայացնելէ յետոյ դիտեցին պատմուածքի բեմականացումը: Թեման յուզիչ էր, աշակերտները տպաւորուած էին, քննարկեցին պատմուածքը, փափաք յայտնեցին կարդալու հեղինակի այլ գործեր:

Աւելցնենք, որ ձեռնարկը իրականացուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս:

Scroll Up