Դաս-Ձեռնարկ` Նուիրուած Տիգրան Չուխաճեանի Ծննդեան 180-Ամեակին

Մայիս 11- ը Տիգրան Չուխաճեանի ծննդեան օրն է: Երեւանի Մ. Գալշոյեանի անուան հ. 148 աւագ դպրոցի պատմութեան ուսուցչուհի Կ. Մովսիսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս, XII դասարանի աշակերտներուն հետ կազմակերպած էր ուսանելի դաս մը` նուիրուած հրաշալի երգահանին, հայ երաժշտական թատրոնի հիմնադիրին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ դպրոցի ուսուցչուհի Կ.Մովսիսեան, աշակերտները պատմեցին Տ . Չուխաճեանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը` խորութեամբ մեկնաբանելով անոր գլուխգործոցները, այնուհետեւ ունկնդրեցին հատուածներ օփերաներէն, հետաքրքրութեամբ լուծեցին երաժշտական խաչբառեր:
Աշակերտները խնամքով պատրաստած էին եւ ներկայացուցին թեմատիկ տեսանիւթ, որ կը պատմէր երգահանի կեանքի եւ գործունէութեան մասին:
Դասի աւարտին աշակերտները հնչեցուցին «Զէյթունցիներու քայլերգը», որմով ալ աւարտեց ճանաչողական եւս մէկ դաս: Այն ուսանելի էր եւ ամրապնդեց միջառարկայական կապը ուսումնական գործընթացին մէջ: