«Մալիզիոյ Մէջ Օդի Ու Ջուրի Պէս Կը Գրաւէր Հայկական Համայնք Ստեղծելու Միտքը» Էմիլ Պետրոսեան

Անուանի նկարիչ Մարտիրոս Սարեան հայ ժողովուրդին կը համեմատէ հաստաբուն ծառի հետ: Ան Կ’ըսէ, որ հայու արմատը հայրենիքի մէջ է, իսկ անոր ճիւղերը`աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, որպէսզի այդ ճիւղերու պտուղներէն օգտուին բոլոր ժողովուրդները: Եւ, իրօք, հայը, ուր ալ, որ ըլլայ, կը կառուցէ եւ կը շէնցնէ` հաւատարիմ մնալով իր ակունքներուն:
Այդպիսի մարդոցմէ մէկն ալ «Հայերն այսօր»-ի զրուցակից Մալիզիոյ հայկական համայնքի նախագահ Էմիլ Պետրոսեանն է, որ հեռաւոր Մալիզիոյ մէջ ապրող հայերուն համար հայապահպանութեան նոր դարբնոց մը ստեղծած է:
–Պարո՛ն Պետրոսեան, ապրելով Մալիզիա, համայնքային գործունէութիւն ծաւալելէն բացի` աշխատանքային այլ զբաղուածութիւն ունի՞ք:
-Ընտանիքով Մալիզիա տեղափոխուած եմ 2008 թուականին` աշխատանքի բերումով: Ըլլալով «Էրիքսոն» միջազգային կապ ապահովող կազմակերպութեան յառաջատար մասնագէտ` գործուղուեցայ Մալիզիա:
Մալիզիան հիասքանչ, բազմազգ, բազմակրօն արեւադարձային, տնտեսապէս բաւականին կայուն եւ սահուն զարգացման մէջ գտնուող երկիր մըն է: Պետական հիմնական կրօնը իսլամն է, սակայն կողք կողքի համերաշխ կ’ապրին նաեւ քրիստոնեաներն ու պուտայականները:Այս հանգամանքները նպաստեցին, որ Մալիզիա հաստատուելու որոշում կայացնեմ:
2011 թուականին սեփական կազմակերպութիւն հիմնեցի, որուն գործունէութեան ոլորտները կ’ընդգրկեն հետեւեալ ճիւղերը` կապ (հեռահաղորդակցութիւն), կիսահաղորդիչներու թեստաւորման լուծումներ, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան ժամանցի կեդրոններ:
–Ներկայացուցէք, խնդրեմ, նորաստեղծ հայկական համայնքին պատմութիւնը, ինչ խնդիրնե՞ր, մարտահրաւէրներ կան ծառացած համայնքին մէջ:
-Առաջին տարիներուն մէկ-երկու հայու կը ճանչնայի. Կը թուէր` շատ աւելի հայ չկար այնտեղ: Մենք հայոց լեզուով միայն ընտանիքէն ներս կը խօսէինք: Երեխաներս կը յաճախէին միջազգային նախակրթական հաստատութիւն, ուր ուսուցման լեզուն անգլերէնն էր: Հիմա կը յաճախեն միջազգային դպրոց` դարձեալ անգլերէնի ուսուցմամբ: Ժամանակի ընթացքին, արեան կանչով, ինծի պէս Մալիզիոյ մէջ աշխատանքային գործուղման մէջ գտնուող հատուկենտ հայերու հանդիպեցայ, որոնք ընտանիքով կամ միայնակ եկած էին:
Մալիզիոյ մէջ օդի ու ջուրի պէս կը գրաւէր հայկական համայնք ստեղծելու միտքը: Աւելցնեմ, որ 2012 թուականին Մալիզիա եկաւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանի «Օտար ամայի ճամփէքի վրայ» հեղինակային հաղորդաշարի ստեղծագործական խումբը` հաղորդում պատրաստելու նպատակով: Արդէն չորս հայկական ընտանիք կ’ապրէր Մալիզիոյ մէջ, եւ այդ ընտանիքներուն նուիրուած հաղորդում նկարահանուեցաւ:
Այդ ընթացքին սկսայ Մալիզիոյ մէջ հայկական հետքեր փնտռել եւ պարզեցի, որ Փենանկ կղզիի Ճորճթաուն, այժմ` Փենանկ քաղաքին մէջ, ապրած են երեւելի եւ արժանայիշատակ մեծահարուստ հայազգի ընտանիքներ, որոնք Հնդկաստանէն 200 տարի առաջ տեղափոխուած են : Անոնք ունեցած են այն ժամանակուան համար լաւագոյնը համարուող հիւրանոցներու ցանց, բուժհաստատութիւններ, տպարան, նաւային բեռնափոխադրման ընկերութիւն: Ապրած են ազգային նկարագիր ունեցող լիարժէք կեանքով, կառուցած են եկեղեցի,եղած է նաեւ ընտանեկան գերեզմանոց: Ժամանակի ընթացքին այլեւայլ պատճառներով հայերը հեռացած են երկրէն, եկեղեցին քանդած եւ տեղափոխած են Սինկափուր, որ մինչ օրս կանգուն է: Իսկ գերեզմանոցն այսօր ալ, որպէս քաղաքի պատմութեան մաս, խնամքով կը պահպանուի ազգութեամբ չինացի Գլեմենթ Լիանկին կողմէ:
Մեր համատեղ ջանքերով 2013 թուականի ամրան Փենանկի մէջ` վերոյիշեալ հիւրանոցի շքեղ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ Արշակ, Տիգրան եւ Աւետ Սարգիս մեծահարուստ եղբայրներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ: Սկիզբը տեսապատկեր ցուցադրուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներուն մասին, այնուհետեւ իր գիրքը ներկայացուց մեծ հայասէր Նատիա Ռայտը: Գիրքն իր բովանդակութեամբ ձօն էր` ուղղուած միշտ ստեղծող, կառուցող ու շէնցնող հայ մարդուն:
Մալիզիոյ մէջ Հայաստանէն, Իրանէն, Ռուսաստանէն, միջինասիական երկիրներէն հայերն այնքան շատցած էին` շուրջ 50 մարդ, որ բոլոր ազգային տօները միասին կը նշէինք.կը հասուննար համայնք ձեւաւորելու հրամայականը:Այդ ընթացքին ստուար խումբով մը մասնակցեցանք հայկական ճանաչողական «Տնից հեռու» հեռուստանախագիծին:Մեր հիմնադիր ժողովը կայացաւ 2016 թուականի մայիս 28-ին:Աշխատանքներուն մէջ ինծի միշտ աջակցած են համայնքի բարեխիղճ անդամներ Աշոտն Թունեանն ու Լորան, Մարինէ Իւանեանը, Մանիա Ադամեանը, Արա Թորոսեանը, Արտեոմ Գրիգորեանն իր ընտանիքով, Սիմոնեան եւ Գալստեան ընտանիքները, եւ այլոք` հիմնականին մէջ մայրաքաղաք Գուալա ֊Լումփուրէն, ինչպէս նաեւ` Ճոհոր մարզէն: Դեռեւս վերջնականապէս պետական կառոյցներուն մէջ չենք արձանագրուած, սակայն, ըստ հերթականութեան, կ’իրականացնենք անհրաժեշտ բոլոր քայլերը` մեր համայնքային աշխատանքները վերջնական նպատակին հասցնելու:
Համայնքի ձեւաւորման այս փուլին մէջ դեռ որեւէ մեծ խնդիր չունինք. ատիկա կապուած է համայնքի` փոքրաթիւ եւ երիտասարդ ըլլալուն:Այնուամենայնիւ, Մալիզիա ապրող հայերը մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենան համայնքին հետ կապուած բոլոր հարցերուն, որ կ’օգնէ յաղթահարելու ներկայիս խնդիրները: Յոյսով եմ` այսպէս կը շարունակուի նաեւ յետագային:
–Մալիզիոյ հայերը հիմնականին մէջ ո՞ր քաղաքներուն մէջ կեդրոնացած են եւ ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարեն:
-Ինչպէս ըսի, 45-50 հայեր կ’ապրին Մալիզիա, որոնք հիմնական կեդրոնացած են մայրաքաղաք Գուալա Լումփուրի շրջակայքը, Ճոհոր մարզին մէջ ապրող ընտանիքներ ալ կան:
Տեղի հայերուն մէկ մասն ունի սեփական կազմակերպութիւներ (արտահանում,ներկրում, արեւային մարտկոցներու արտադրութիւն, հեռահաղորդակցութիւն, ձեւաւորման գործակալութիւն, ընտանեկան ժամանցի կեդրոններ եւ այլն), միւս մասը պայմանագրային հիմունքներով կ’աշխատի տարբեր բնագաւառներու մէջ: Բոլորն ալ բացառիկ մասնագէտներ են, քանի որ իրենց ներկայութեամբ լրացուցած են փնտռուող մասնագէտներու պահանջը:
Մալիզիոյ մէջ դեռեւս չունինք հայապահպանութեան նպաստող կառոյցներ ու հաստատութուններ: Համայնքի յառաջիկայ ծրագիրներէն մէկը համատեղ ջանքերով կրթական եւ մշակութային ձեռնարկներու հաստատութիւն հիմնելն է:
Առայժմ մեր ընտանիքներէն ներս կ’իրականացնենք ազգային ինքնութեան պահմանման բոլոր աշխատանքները: Երեխաներու հոգիին մէջ հայրենասիրութիւնը վառ պահելու նպատակով կու գանք Հայաստան, որուն ընթացքին կը յաճախենք թատրոն, օփերա, ինչպէս նաեւ` կ’այցելենք հայկական պատմամշակութային տարբեր վայրեր:
–Հայ-մալիզիական յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ համապատասխան քայլեր կը ձեռնարկէ՞ք: Ին՞չ հիմքերու վրայ այժմ կը գտնուին այդ յարաբերութիւնները:
-Հայ-մալզիական յարաբերութիւններն առ այժմ տարերային բնոյթ ունին: Մեր աշխատանքային միջավայրին մէջ կը ջանանք հնարաւորինս լաւագոյն ձեւով ներկայացնել հայ մարդը եւ Հայաստան աշխարհը:
–Համայնքէն ներս ազգային, եկեղեցական, պետական տօները կը նշէ՞ք:
-Տօները կը նշենք ներընտանեկան միջավայրի մէջ, որ կը սնուցէ մեր ազգային ոգին:
–Պարո՛ն Պետրոսեան, Մալիզիա ապրող հայ երիտասարդներուն մասին որեւէ ըսելիք ունի՞ք:
-Նշեմ, որ համայնքի կազմը բազմաշերտ չէ.չունինք տարեցներ, երիտասարդներ. Հիմնականին մէջ միջին տարիքի մարդիկ են եւ մանկահասակ երեխաներ, ինչպէս նաեւ` դպրոցականներ, տղաներ եւ աղջիկներ, որոնք օտարալեզու կրթութիւն կը ստանան: Սակայն իմ ջանքերովս յաճախակի կազմակերպուող հայկական հաւաքները անոնց համար կը դառնան իրենց արմատներու ճանաչման իսկական դարբնոց: Այդ հաւաքները մենք կ’իրականացնենք վարձակալած սրահներու մէջ:
–Վերջերս Գուալա Լումփուրի ռուս ուղղափառ «Սուրբ Միքայէլ հրեշատակապետ» եկեղեցւոյ մէջ Մեանմարի, Սինկափուրի եւ Տաքքայի հոգեւոր հովիւ, ծայրագոյն արեւելքի մէջ նորին սրբութեան ներկայացուցիչ հոգեշնորհ տէր Զաւէն վարդապետ Եազիչեանի ձեռամբ` առաջին անգամ սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ: Համայնքին մէջ ի՞նչ ոգեւորութիւն յառաջացուց այդ արարողութիւնը:
-Աներեւակայելի ոգեւորութիւն եւ յուզմունք մը պատած էր ներկաներուն, շատերը կ’արտասուէին, նաեւ մկրտութիւն կատարուեցաւ:
Գուալա Լումփուրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը հնչեց, եւ հայ֊ մանուկը քրիստոնեայ մկրտուեցաւ: Ի դէպ, մկրտուողները երեքն էին:
Սուրբ Պատարագը եւ մկրտութիւնը մէկ անգամ եւս ցոյց տուին, թէ որքան խորն են հայ մարդու ազգային պատկանելիութեան զգացումները եւ քրիստոնէական հաւատքի արմատները:
Հարցազրոյցը Գէորգ Չիչեանի