Կը Մեկնարկէ ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի Մասնաճիւղի «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Համերգարշաւը

«Հայերն այսօր»-ը տեղեկացուցած էր, որ ՀԲԸՄ-ի Արգենտինայի մասնաճյուղը միացած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման: Եւ արդէն Մայիս 4-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ պիտի մեկնարկէ Արցախի հիմնախնդիրներու լուծման օժանդակելու համերգարշաւը, որ կ’իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` 2017 թուականը Արցախի տարի հռչակելու կոչին հետեւելով:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` համերգին երաժշտական կատարումներով հանդէս պիտի գան «YANNI» նուագախումբի ջութակահար Սամուէլ Երվինեան եւ արժանթինաբնակ երաժիշտ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեան:
ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղին կողմէ համերգներու գեղարուեստական ղեկավար նշանակուած է Գագիկ Գասպարեան, իսկ ընդհանուր պատասխանատու` ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան պատուաւոր անդամ Անթոնիօ Սարաֆեան:
Աւելցնենք, որ նախատեսուած է համերգներէն գոյացած ողջ հասոյթով երաժշտական գործիքներ գնել Արցախի երաժշտական դպրոցներուն համար: Համերգները, որոնց նպատակն է նաեւ Արցախը օտարազգիներու մօտ ճանաչելի դարձնելը, տեղի պիտի ունենան Արժանթինի շարք մը քաղաքներու մէջ, նաեւ` Պրազիլիոյ մէջ:
Հարաւային Ամերիկայի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկները կ’ամփոփուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` Սեպտեմբեր ամսուն: