ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելեց Հայաստանի Նկարիչներու Միութիւն

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Հայաստանի նկարիչներու միութիւն ՀՀ Նախագահի մրցանակի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Արուեստի բնագաւառին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար» անուանակարգին մէջ ներկայացուած ՀՀ վաստակաւոր նկարչուհի, Քրիստափոր Քուշնարեանի անուան արուեստի դպրոցի կերպարուեստի բաժինի ղեկավար Աննա  Յարութիւնեանի նկարներու ցուցահանդէս:

Ներկայացուած էին հեղինակի «Անցեալի վկաներ» շարքը, որ կ’առանձնանար տիեզերքի հայաստանակեդրոն փիլիսոփայութեամբ, անտիկ, քրիստոնէական ու ժամանակակից կերպարուեստի տարրերու համադրութեամբ, իւրայատուկ տեխնիկայով:

Նախարարը բարձր գնահատեց հայկական մշակոյթն ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ պատշաճ եւ հետաքրքիր մատուցմամբ ներկայացնելու նկարչուհիին ջանքերը եւ նշեց, որ թէեւ  ան ուսումը շարունակած է Գերմանիա, 20 տարեկանէն դարձած է Գերմանիոյ նկարիչներու միութեան անդամ, սակայն անոր արուեստի շարժիչ ուժն ու ներշնչանքի ակունքը Հայաստան աշխարհն է` հնագոյն քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկը: Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց սերտ համագործակցութեան համար եւ կարեւոր նկատեց Արէնիէն պեղած 5.500-ամեայ աշխարհի ամենահին հայկական գտածոյ կօշիկի նկարի ցուցադրութիւնը Սպանիոյ Էլտա քաղաքի Կօշիկի թանգարանին մէջ, եւ այն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան անունէն թանգարանին նուիրելը:

Աննա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր արուեստը բարձր գնահատելու համար եւ հաւաստիացուց, որ յառաջիկային հանդէս պիտի գայ նոր ու հետաքրքիր նախաձեռնութիւններով:

 

 

 

Scroll Up