Շուէտահայ Համայնքը Հայաստանի Մէջ Կը շարունակէ Բարեգործական Ծրագիրներ Իրականացնել
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/շվեդիա-1.jpg)
Շուէտի մէջ 2016 թուականէն գործող «Շտապ օգնութիւն, Հայաստան» բարեգործական կազմակերպութեան ատենապետ Լորանս Շառոյեան ու փոխատենապետ Կարէն Յարութիւնեան կրկին Հայաստանի մէջ են` Շուէտի հայ համայնքին կողմէ հաւաքուած գումարով տարաբնոյթ օգնութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերուն մէջ բնակող սոցիալապէս անապահով ընտանիքներուն: Անոնց միացած է նաեւ կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Ճուէլ Յովհաննիսեան:
Ծրագիրը մեկնարկել է նախորդ տարվա գարնանը: Լորանս Շառոյեան ու Կարէն Յարութիւնեան գացած են Արարատի, Գեղարքունիքի, Շիրակի մարզեր եւ սննդամթերք, հագուստ, առաջին անհրաժեշտութեան կենցաղային ապրանքներ, մանկական խաղալիքներ, դեղորայք, կով գնած նախապէս ընտրուած 24 ընտանիքներու համար: Մէկ անգամ ալ նոյն նախաձեռնութեամբ 2016 թուականի ձմրան եկած են Հայաստան:
Ատկէ ետք կազմակերպութիւնը շահած է շուէտահայերու, եւ ո՛չ միայն, վստահութիւնը, քանի որ անոնք հասկցած են` փոխանցուած գումարները չեն կորսրուիր, այլեւ` մինչեւ վերջին լուման նպատակին կը ծառայեն:
Քաջալերելով Լորանս Շառոյեանի եւ Կարէն Յարութիւնեանի ազգանուէր գործունէութիւնը` համայնքը 2017 թուականի ծրագիրներու իրականացման համար զգալիօրէն աւելի մեծ գումար հանգանակած է` շատ ընտանիքներու աջակցելու եւ համապարփակ աշխատանքներ կատարելու համար:
Հարկ է նշել, որ յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն կողքով անտարբեր չեն անցնիր շուէտացիները եւ Շուէտի մէջ գործող ոչ հայկական կազմակերպութիւնները. համացանցով տարածուած տեղեկատուական հոլովակներէն իրազեկուելով նախաձեռնութեան մասին` կ’ոգեւորուին եւ իբրեւ մարդասիրական քայլ` պարբերաբար գումար կը փոխանցեն:
Յանձնախումբը, յետագայ ընելիքները դիւրացնելու համար, տարուան ընթացքին ազգային, եկեղեցական եւ պետական տօներուն նուիրուած ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, որ գումար ձեռք բերելու լաւ միջոց կը հանդիսանայ: Վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցած է Մարտ 8-ին` Կանանց միջազգային տօնին առիթով:
«Այս տարի որոշած ենք առարկայական օգնութիւն ցուցաբերել, որպէսզի տուեալ ընտանիքը կարենայ տեւական ժամանակով օգտուիլ այդ ամէնէն. ինչպէս օրինակ` ընտանիքներէն մէկուն կարի մեքենայ, միւսին` հորթ, իսկ խուլ երեխայի մը համար` բժշկական հետազօտութիւն անցնելէ յետոյ լսողական սարք գնեցինք»,-«Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ Կարէն Յարութիւնեան:
Յանձնախումբն այս տարի նաեւ Արցախի հիմնախնդիրներու լուծման օժանդակելու համար Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղ գացած է: Ինչպէս կը նշէ Լորանս Շառոյեան, այցելութեան նպատակը Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ ամբողջութեամբ դատարկուած Թալիշ գիւղին մէջ առկայ իրավիճակը տեսնելն էր, որպէսզի կողմնորոշուէին, թէ յետագային ինչ տեսակի օգնութիւն կազմակերպեն:
«Հանդիպելով Արցախի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանին, Թալիշի գիւղապետ Վիլէն Պետրոսեանին` քննարկման արդիւնքով հասկցանք, որ Թալիշի մէջ անհրաժեշտ է աջակցիլ շինարարական աշխատանքներուն, այս հարցով այնտեղ աշխատող շինարարները նոյնպէս դիմեցին մեզի: Բոլոր առաջարկները գրանցած ենք, որպէսզի Շուէտ հասնելէ յետոյ հայ համայնքին ներկայացնենք ու փորձենք համախմբուած օժանդակութիւն կազմակերպել»,-նշեց Լորանս Շառոյեան` աւելցնելով, որ առհասարակ, Հայաստանն ու Արցախը երբեք չեն առանձնացներ. իրենք այնտեղ են, ուր իրենց հայրենակիցները օգնութեան կարիքը ունին:
Լորանս Շառոյեանն ու Կարէն Յարութիւնեանը զրոյցի աւարտին տեղեկացուցին, որ յանձնախումբն արդէն գործունէութիւնը օրինականացուցած է եւ բարեգործական կազմակերպութիւն ճանչցուած: Անոնք նպատակադրուած են աշխատանքային գործունէութիւնը չսահամանափակել միայն Սթոքհոլմ եւ Սեոտերթելիէ քաղաքներուն մէջ. շատ հնարաւոր է «Շտապ օգնութիւն, Հայաստան» բարեգործական կազմակերպութեան մասնաճիւղեր բանան ինչպէս Շուէտի միւս հայկական, այնպէս ալ` Վիեննայի, Դանիոյ համայնքներուն մէջ:
Կատարուած աշխատանքները լայնօրէն լուսաբանելու, հանրութեան իրազեկելու նպատակով` անգլերէն եւ շուէտերէն լեզուներով պաշտօնական` www.akuthjalp.nu («Շտապ օգնութիւն») կայք բացած են: Կը նախատեսուի կայքին մէջ շուտով հայերէն լեզուով նիւթեր եւս զետեղել:
Գէորգ Չիչեան