«Ապրի՛նք, Արարե՛նք. Ըլլա՛նք Մեր Հայրենիքի, Մեր Մշակոյթի Ու Արուեստի Նուիրեալները, Քարոզիչները». Միքայէլ Հայրապետեան
Հայաստան ժամանած մեր հայրենակից, դաշնակահար Միքայէլ Հայրապետեանը եւ անոր տիկինը` դաշնակահարուհի Եուլեան հիւրընկալելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագրութենէն ներս` զրուցեցինք Միքայէլի այս օրերու առաքելութեան մասին, որ նուիրեալ երաժիշտին համար սուրբ պարտականութիւն է, այն է` վեր հանել երաժշտական աշխարհի մէջ մեծ ներդրում ունեցած եւ յանիրաւի մոռցուած հայազգի մեծ երաժիշտները, երգահանները: Հայաստան ծնած, Մոսկուա ուսանած եւ Չինաստանի մէջ իր մասնագիտական հմտութիւնները Չինաստանի երիտասարդ երաժիշտներուն ուսուցանող մեր հայրենակիցը «Հայաստանի գաղտնիքներ»-ը սեփական նախաձեռնութեան ծիրէն ներս այս անգամ իր համերգային ծրագիրը նուիրած է հայ անուանի երգահան, ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ Հարօ Ստեփանեանին:
«Ի հարկէ, ես եկած եմ ծննդավայրիս, Հայրենիքիս կարօտը առնելու եւ վայելելու Հայաստանի արեւը, սակայն գլխաւոր նպատակս Օգոստոս 3-ին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի դահլիճին մէջ կայանալիք համերգս է, որ ես ամբողջովին կը նուիրեմ հայ անուանի Հարօ Ստեփանեանին: Այդ տաղանդաւոր երաժշտահանին մասին, ցաւօք, այսօր քիչ կը խօսին, քիչ կ’անդրադառնան անոր ստեղծագործութիւններուն. ատիկա ինծի ցաւ կը պատճառէ. ես կ’ուզեմ, որ մոռացութեան մշուշին մէջ չմնայ եւ ոեւէ տաղանդաւոր երաժիշտ, յաճախակի յիշենք անոնց, անդրադառնանք անոնց գործերուն: Հարօ Ստեփանեան ծնած է 12-րդ դարու անուանի պատմաբան Կիրակոս Գանձակեցիի, առակագիրներ Վարդան Այգեկցիի եւ Մխիթար Գոշի հայրենի եզերքին ` Գանձակի մէջ, 17 տարեկանին կամաւոր մասնակցած է 1-ի համաշխարհային պատերազմին, 1919-ին մէկ տարի յաճախած է Թիֆլիսի երաժշտանոցը, ուր ծանօթացած է Ռոմանոս Մելիքեանի հետ, 1923-ին յաճախած է Մոսկուայի Կնեսիններու անուան երաժշտական ուսումնարանը` Միխայիլ Կնեսինի դասարանը, 1926-30թթ. ուսանած է Լենինկրատի երաժշտանոցի Վ. Շչերպակովի ստեղծագործական դասարնին մէջ, 1927-29թթ. մասնակցած է Քրիստափոր Քուշկարեանի Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուած ժողովրդական երաժշտութեան հաւաքման արշաւին, որուն ընթացքին գրի առնուած են 350-է աւելի հայկական եւ այլ ազգերու մեղեդիներ. ատոնք յետագային մշակուած են: Հարօ Ստեփանեան իր յուշերուն մէջ գրած է, որ այդ արշաւը օգնեց զինք, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնայ Հայաստանի գեղցեկութիւնը եւ խոստովանած է, որ իր ստեղծագործութիւններէն շատերը ծնած են հէնց այդ օրերուն ստացած տպաւորութիւններու ազդեցութեան տակ, մասնաւորապէս` «Հէ՜յ, Արագած» երգը: Այս մեծանուն երաժշտահանը ստեղծած է 5 օփերա, 3 սիմֆոնիա, բազմաթիւ ռոմանսներ, կամերային-գործիքային ստեղծագործութիւններ, համերգ դաշնամուրի համար: Հարօ Ստեփանեան մեծապէս նպաստած է հայ դասական երաժշտարուեստի հարստացման ու զարգացման: Ան 1930-34թթ. ղեկավարած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ստեղծագործական դասարանը, 1947-ին ղեկավարած է Հայաստանի երաժշտահաններու միութիւնը, 1938-ին նաեւ ընտրուած է Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր: Անոր մասին ինքնատիպ կարծիք մը գրած է Կնեսինը. «Հիացմունքի արժանի են Ստեփանեանի նուրբ ճաշակը, բանաստեղծականութիւնն ու ոճական առկայծումները»:
Այսքան մեծ ներդրում ունեցող երաժիշտին մոռնալու կամ հազուադէպ յիշելու իրաւունք չունինք: Ես այս` «Հայաստանի գաղտնիքները» նախագիծի ծիրէն ներս, որոշած եմ անդրադառնալ երաժշտական աշխարհի նման հեղինակութիւններուն. միշտ ինծի կ’աջակցի հայկական ռոքի հիմնադիր, «Այաս» խումբի ղեկավար Արթուր Մեթինեան` իմ խորթ հայրս ու լաւ ընկերս: Իմ երաժշտական, արուեստասէր ընտանիքիս մէջ ներս (պապս` Հրանդ Տմիտրիւկը, դաշնամուր նուագած է, մայրս` Քաթիա Տմիտրիւկը, նոյնպէս նուագած է, տատիկս ՀՀ ժողովրդական արուեստագիուհի, Երեւանի Սթանիսլաւսկի անուան թատրոնի դերասանուհի Իրինա Մարչենկոն է) շատ բարձր գնահատուած են հոգեւոր արժէքները. ես այդ ընտանիքէն ներս սորված եմ սիրել երաժշտութիւնը, գնահատել ու սորվիլ մեր մեծերէն, չմոռնալ դարերու խորքէն եկող, Աստուծմէ մեծ շնորհ ունեցող բոլոր այն մարդոց, որոնք ուրոյն ձեռագիր ունեցած են եւ իրենց տաղանդի դրոշմը ձգած են հայկական երաժշտարուեստի պատմութեան էջերուն: Այս նախագիծի ծիրէն ներս շատ համերգներ ունեցած ենք. 2015-ի Յունիսին Մոսկուայի երաժշտանոցի մեծ դահլիճին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած դասական երաժշտութեան համերգ կազմակերպեցինք , որուն ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Արմէն Տիգրանեանի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի, Ռոբերտ Ամիրխանեանի ստեղծագործութիւնները: Մենք կը զբաղինք հայկական դասական երաժշտութեան եւ այն երաժշտահաններու քարոզչութեամբ, որուն գործերը հազուադէպ կը կատարուին. Կը կազմակերպենք համաշխարհային համերգներ` ձայնագրելով եւ թողարկելով հայկական ակադեմական երաժշտութեան ձայնասկաւառակներ` Armenian Music Records-ին մէջ: 2012-ի Հոկտեմբերին կազմակերպեցինք 20-րդ դարու շատ ինքնատիպ երաժիշտի մը` դաշնակահար Էդուարդ Պաղտասարեանի կամերային ստեղծագործութիւններու համերգը…
Այս ընթացքը շարունակական պիտի ըլլայ ինծի համար հաճելի եւ պարտաւորեցնող աշխատանք է. ես սիրով կ’ընեմ զայն: Մեծանուն երաժշտահան Հարօ Ստեփանեանին նուիրուած Օգոստոս 3-ի համերգէն ետք բազում ընելիքներ կան: Ապրինք, արարենք ու ըլլանք մեր գործի նուիրեալը, մեր ազգի, մեր Հայրենիքի, մեր մշակոյթի ու արուեստի քարոզիչները . ատիկա՛ ալ առաքելութիւն է, որուն իրագործման համար ես պատրաստ եմ ներդնել իմ մասնագիտական հմտութիւններն ու ներուժը: Շնորհակալութիւ՛ն բոլոր այն մարդոց, որոնք կ’աջակցին մեզի այս հարցով, շնորհակալութիւ՛ն հայ ժողովուրդին, Հայաստանին, արուեստասէր հասարակութեան առհասարակ»:
…Իսկ մենք շնորհակալ ենք քե՛զ, հայրենասէ՛ր հայորդի. շնորհակալ ենք քու բացառիկ աշխատանքին ու նուիրումին համար:
Կարինէ Աւագեան