Շառլ Ազնաւուր Ողջունած Է «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Շարժումը

Աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր` չնայած բազմազբաղութեան, Չիլիի մէջ կայացած համերգէն առաջ չէ մերժած արժանթինաբնակ երաժիշտ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեանի հետ Պուէնոս Այրէսի մէջ  հանդիպելու խնդրանքը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին կը յայտնէ Գագիկ Գասպարեան, մօտ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը անցած է շատ ջերմ, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ: Շառլ Ազնաւուր բարեկամաբար, բարձր տրամադրութեամբ խօսած է երաժիշտին հետ` պատասխանելով վերջինիս բոլոր հարցերուն:

«Տեղեկանալով, որ Շառլ Ազնաւուր Լատին Ամերիկայի մէջ կը  գտնուի, խիստ նպատակային համարեցի հանդիպիլ անոր հետ` իբրեւ մեծանուն հայ, Հայաստանի ապագայի համար մտահոգ մարդ: Միաժամանակ տեղեկացնելու, թէ Հայաստանի ու Արցախի հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ինչպիսի քայլեր կը ձեռնարկուին Սփիւռքի մէջ եւ լսել անոր այնչափ թանկ խորհուրդները»,-ըսաւ Գագիկ Գասպարեան եւ աւելցուց, որ Շառլ Ազնաւուրին մասնաւորապէս հանգամանալիօրէն ներկայացուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժումը: Շանսոնյէն, ծանօթանալով շարժման առաքելութեան եւ գաղափարին, այն ողջունելի քայլ  որակած է` ընդգծելով. «Կը շնորհաւորեմ, որ Արցախին օգնելու համար այսպիսի շարժում մը սկսած է, նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները պէտք է շատ ըլլան»:

Հանդիպման ընթացքին ֆրանսաբնակ հեղինակաւոր երաժիշտը պատմած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես, կոտորածէն մազապուրծ եղած նախնիներուն պատմութիւնը:

 

 

Scroll Up