«Հետեւելով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Կոչին` Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Արցախին». Սեւակ Յակոբեան.տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/Sevak-Hakobyan.jpg)
«2016 թուականին մասնակցելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Լրագրողներու 8-րդ համաժողովին, որուն ժամանակ առաջարկուեցաւ իրականցնել «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը, մենք նոյնպէս որոշեցինք այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր ձեռնարկել: «Զարթօնք»-ի խմբագրութիւնով նախաձեռնեցինք ամանորեայ բացառիկ թողարկում հրատարակել եւ ատոր վաճառքէն գոյացած հասոյթով աջակցիլ Արցախին»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ներկայացուող տեսանիւթին մէջ կը պատմէ Լիբանանի «Զարթօնք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան` աւելցնելով, որ իրենք ընտրած են Արցախի զինուորները, քանի որ կը հաւատան` առանց զինուորի չկայ Արցախ, չկայ Հայրենիք, պետականութիւն եւանկախութիւն:
«Հետեւելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի` 2017 թուականը Արցախի տարի հռչակելու կոչին, պիտի շարունակենք Արցախին օգնութիւն ցուցաբերել, կրկին հանգանակութիւն կազմակերպել` այս անգամ յատկապէս ձմեռնային տաք հագուստ, վերարկու եւ զինուորական այլ պարագաներ փոխանցելով»,- ըսաւ Սեւակ Յակոբեանը:
Աւելցնենք նաեւ, որ օրեր առաջ Սեւակ Յակոբեան, հանդիպելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանին, փոխանցած է հանգանակութեան արդիւնքով ձեռք բերուած զինուորներուն համար նախատեսուած անհրաժեշտ հագուտեղէնը, որոնք ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով պիտի ուղարկուին Արցախի սահմանները պաշտպանող զինուորներուն: