Ռուսական Մարդասիրական Օժանդակութիւններ Յատկացուեցան Հալէպի ՍՕԽ-Ազգային Պատսպարանին
Գանձասար- Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ռուսիան Ձեզի Հետ Է» վերնագրով Ռուսիոյ կողմէ մարդասիրական օժանդակութիւնը այս անգամ յատկացուած էր Հալէպի ՍՕԽ-Ազգ.Պատսպարանի 34 պատսպարեալներուն։
Օժանդակութիւնը կ՚ընդգրկէր խաղալիք, ծածկոցներ եւ սննդեղէն։
ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութիւնը, Պատսպարանի Յանձնախումբն ու պատսպարեալները դիմաւորեցին ռուս զինուորականերն ու ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան 2-րդ քարտուղար Արմէն ԳԷորգեանը Ազգ. Սահակեան վարժարանի շրջափակէն ներս։
Փոքրիկները ռուսերէն երգերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին եւ իրենց երախտագիտական ապրումները փոխանցեցին Ռուսիոյ բարեկամ ժողովուրդին։
Ապա հիւրերը ուղղուեցան Պատսպարան, ծանօթացան կառոյցին ու անոր յանձնախումբին բարեսիրական աշխատանքներուն։ Անոնք իրազեկ դարձան նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հրթիռակոծումներուն հետեւանքով կեդրոնին կրած վնասներուն։
Ապա ռուս զինուորականները մէկ առ մէկ պատսպարեալներուն բաշխեցին Հալէպի մէջ Ռուսական Համակարգումի Կեդրոնին կողմէ ուղարկուած նուէրները։
Հալէպի մէջ Ռուսական Համակարգումի Կեդրոնի ներկայացուցիչ ռուս սպայ Նիքոլայ Բենեամինի Պոկոմարիով «Գանձասար» ին յայտնեց. « Մենք տեղեակ չէինք, թէ Հալէպի մէջ հայկական այսպիսի կեդրոն կայ, Հ.Հ. Հիւպատոսին շնորհիւ իմացանք։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի ձեր տարած մարդասիրական աշխատանքներուն համար և մեր բարեմաղթութիւնները կը յայտնենք հալէպահայութեան»։
Պատսպարանի Յանձնախումբն ու երեխաները շնորհակալութեան ջերմ խօսքերով ճամբեցին հիւրերը։
Ժիրայր Կարապետեան