ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Փետրուար 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի պատուիրակութեիւնը, որուն կազմին մէջ էին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային ներկայացուցիչ Հենրիկ Եոհաննէս Վիլեմ վան տեր Գլաաուն, հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Անահիտ Հայրապետեան:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կազմակերպութեան իրականացուցած աջակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան հետ աշխոյժ գործընկերութիւնը ու սերտ համագործակցութիւնը:
Նախարարը ներկայացուց սուրիահայերուն հետ տարուող աշխատանքի առանձնայատկութիւնները, փորձը եւ արդիւնքները: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ միջազգային ասպարէզին մէջ պէտք է բարձրաձայնել կատարած հսկայական աշխատանքին մասին, ներկայացնել Հայաստանի փորձը` որպէս փախստականներ ընդունող երկրի օրինակելի տեսակ. «Մէկ շնչին ընկնող փախստականների թուով Եւրոպայում` Գերմանիայից յետոյ, Հայաստանը երկրորդ տեղն է զբաղեցնում: Իսկ միջազգային կառոյցների տրամադրած գումարը անհամեմատ քիչ է»:
Նախարարն անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայերու աշխատանքի, մասնագիտական վերապատրաստման եւ բնակարանային խնդիրներուն:
Հենրիկ Եոհաննէս Վիլեմ վան տեր Գլաաուն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց, որ տեղեակ է սուրիահայերու խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ Սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրներու, համակարգուած եւ աշխոյժ աշխատանքին վերաբերեալ: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հայաստան առանձնայատուկ երկիր է` իր պատմութեամբ ու մշակոյթով: Սփիւռքի հետ աշխատելու եզակի փորձ ունիք: Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզման, անոնց խնդիրները համակարգելու, ատոնց լուծման նպաստելու ուղղութեամբ նոյնպէս հսկայական աշխատանք կատարուած է: Բարձրարժէք ու գովելի աշխատանք է: Շնորհակալութիւն: Կ´ուզեմ, շնորհաւորել ձեզ, որ կրցած էք ստեղծել սուրիահայերու հետ աշխատելու միասնական, գործուն համակարգ: Շնորհակալութիւն: Կը շարունակենք մեր համագործակցութիւնը»: