Տեղի Ունեցաւ Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն Իսթամպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Գիրքի Շնորհանդէսը

Սեպտեմբեր 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ պոլսահայ մտաւորական Գէորգ Յակոբեանի «Պատմութիւն իսթամպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» գիրքի շնորհանդէսը:

Աշխատութեան մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ ոչ միայն սթամպուլահայ ուսումնական կեանքի պատմութիւնը, այլեւ մանրամասն տեղեկութիւններ  կը փոխանցէ Սթամպուլի նախկին ու ներկայ հայկական ազգային եւ անհատական շուրջ 170 վարժարաններու մասին: Գիրքը կը պարունակէ հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածու:

Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:Ան բարձր գնահատեց Գէորգ Յակոբեանի գիրքը` նշելով, որ այն հիմնարար եւ բացառիկ գիտական աշխատութիւն է պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու կեանքի ու գործունէութեան մասին` երեք ժամանակաշրջաններու պայմանական բաժանումով: «Գէորգ Յակոբեանը տիտանական աշխատանք է կատարել: Ուզում եմ յիշել Կ.Պոլսի «Մարմարա» օրաթերթի մեր սիրելի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի նախաբանը, որում նա շեշտում է, որ հայ կրթական հաստատութիւններն այսօր բոլորիս մտքի կիզակէտում են եւ յաճախ մոռանում ենք մեր անցեալի արժէքները: Մեծանուն խմբագրապետն ընդգծում է, որ գիրքը մեզ հնարաւորութիւն է տալիս տեղափոխուել մինչեւ 18-րդ դարավերջ եւ այդ սկսած ժամանակաշրջանից մինչեւ մեր օրերը` ծանօթանալ այն երախտաշատ դէմքերին, կրթական հաստատութիւններին, որոնք իրենց ներդրումն են  բերել հայ կրթական կեանքի պահպանման եւ զարգացման գործին»:

Նախարարը նշեց, որ կարդալով այս աշխատութիւնը` միաժամանակ տխրութեան եւ ուրախութեան պահեր ապրած է: «Պոլսում մենք ունեցել ենք շուրջ 170 վարժարան, որոնցից այսօր գործում է ընդամէնը 16-17-ը: Այս գիրքը մեզ ներկայացնում է մեր վարժարանների, այնտեղի մեր շրջանաւարտ-սաների մասին վիճակագրական ճշգրիտ, թուրքական արխիւներից պեղած տուեալներ, որոնց լրացնելու են գալիս բացառիկ լուսանկարները», – ընդգծեց Սփիւռքի նախարարը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց գիրքի խմբագիր, հեղինակի քոյր Մաքրուհի Յակոբեանի դերը ոչ միայն աշխատութեան հայերէնը կատարեալի հասցնելու համար: «Գէորգ Յակոբեանը չի ցանկացել տպագրել իր 20 տարիների հսկայածաւալ աշխատութիւնը: Սիրելի Մաքրուհին ոգեւորել, սատարել է եղբօրը, ինչի  արդիւնքում մեր սեղաններին է այս ստուարածաւալ աշխատութիւնը», – նշեց ան:

Սփիւռքի նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Օրթագիւղի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ս.Թարգմանչաց Ազգային վարժարանի թաղային խորհուրդներուն` Իսքէնտէր Շահինկէոզի ատենապետութեամբ` գիրքի տպագրութիւնը հովանաւորելու  համար:

Նախարարը երախտիքի խօսք ուղղեց նաեւ Սթամպուլի «Փարոս» ամսագիրի խմբագիր Մայտա Սարիսին, որուն ջանքերով տպագրուեցաւ աշխատութիւնը:

«Վստահ եմ, որ Հայաստանի բազում գիտական եւ ուսումնական հաստատութիւններում, գրադարաններում շատ շուտով գիրքը կը դառնայ ուսումնասիրութեան առարկայ: Այս գրքով Գէորգ Յակոբեանն էապէս թեթեւացրեց մեր պատմաբանների ուսումնասիրութեան առարկան», – ընդգծեց Սփիւռքի նախարարը:

ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան նշեց, որ գիրքի հիմքին հետազօտող պատմաբանի քրտնաջան աշխատանքն է:

ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ հեղինակը խօսելով հայ կրթական մտքի զարգացման մասին` սկսած է 1453 թուականէն` անով ապացուցելով, որ հայ կրթական եւ գիտական միտքը Պոլսոյ մէջ առկայ էր դեռ  15-րդ դարէն: «Գիրքին մէջ մենք կը հանդիպինք Պոլսոյ բոլոր պատրիարքներու անուններուն եւ անոնց գործունէութեան հիմնական հատուածներուն: Հայկական իրականութեան մէջ պոլսահայերու տեղն ու դերը կը վերականգնուի այսպիսի անհատներու աշխատութիւններու շնորհիւ: Պոլիսը կրկին զարթօնք կ’ապրի», – նշեց Աշոտ Մելքոնեան:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի գիտաշխատող Մելինէ Անումեան ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը:

Գերաշնորհ  Տ. Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեան խօսեցաւ պոլսահայ արժեհամակագի եռոտանիի մասին: «Այդ եռոտանիի երեք կողմերն են հայ եկեղեցին, հայ վարժարանը եւ հայ ընտանիքը: Եւ ահա այդ եռոտանիի կողմերէն մէկուն` վարժարանի ամբողջական պատմութիւնը մեզի բոլորիս կը հրամցնէ Գէորգ Յակոբեան: Այս գիրքը մեր պայքարի, ծառայութեան եւ գոյութեան փաստն է եւ ազդակը, որ հայ երիտասարդութիւնը ծանօթանայ իր փառաւոր անցեալին»:

Գէորգ Յակոբեանի գիրքին մասին համապարփակ զեկոյցով հանդէս եկաւ Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ Սուրէն Դանիէլեան: Ան ընդգծեց, որ այս աշխատութեամբ առաջին անգամ կ’ամբողջացուի պոլսահայ կրթական կեանքի պատմութիւնը: «Գէորգ Յակոբեան այսպիսով իր կեանքի գիրքը գրած է` համադրելով փաստեր եւ արխիւային նիւթեր եւ դառնալով մեր կրթամշակութային կեանքի գլխաւոր յուշագրողը»:

Սուրէն Դանիէլեան նկատեց, որ եթէ մինչեւ վերջերս կը գերիշխէր կարծիքը, թէ պոլսահայ մշակութային կեանքը 1915-էն յետոյ նահանջած է, ապա Գէորգ Յակոբեանի, Ռոպէր Հատտէճեանի, Զարեհ Խրախունիի, Զահրատի, Իգնա Սարըասլանի եւ բազում այլ պոլսահայ կարկառուն ներկայացուցիչներու գործունէութեան արդիւնքով կը վերականգնի լիակատար դիմագիծը:

Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեան նշեց, որ գիրքի շնորհադէսի օրը` սեպտեմբեր 1-ը, խորհրդանշական է, քանի որ ազդարարուեցաւ հազարաւոր հայ մանուկներու մուտքը կրթօճախներ: «Այս գիրքի շնորհիւ վերագնահատելով մեր արժէքները` մենք կրնանք ետ բերել մեր երբեմնի հզօրութիւնը», – նշեց ան:

ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեան շեշտեց, որ Թուրքիոյ տարածքին մէջ հայերն ունեցած են նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւն եւ մեզի համար Գէորգ Յակոբեանի աշխատութիւնն ունի թէ՛ գիտական եւ թէ՛ քաղաքական նշանակութիւն: «Շնորհակալութիւն Սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ նախաձեռնեցին այսօրինակ հանրագիտարանային արժէք ներկայացնող աշխատութեան շնորհանդէսը Հայաստանի մէջ», – նշեց ան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ հեղինակը` Գէորգ Յակոբեան` նախ նշելով, որ 25 տարուան բացակայութենէն ետք առաջին անգամ գալով Հայրենիք, ուրախութեան պահեր  ապրած է` տեսնելով գեղեցկացած Երեւանն ու Հայաստանը: «Իրականացաւ իմ մեծագոյն երազանքս` Հայաստանի մէջ ես կը ներկայացնեմ 20 տարիներու իմ աշխատանքիս պտուղը: Շնորհակալ եմ ազնուափայլ տիկին նախարարուհիին, որ նախաձեռնեց իմ գիրքս Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ճանաչելի դարձնելու գործը» , – նշեց հեղինակը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քրոջը` Մաքրուհի Յակոբեանին, Մայտա Սարիսին եւ բոլոր անոնց, որոնք գործուն աջակցութիւն ունեցան գիրքի լոյս աշխարհ գալու աշխատանքներուն մէջ:

«Գնահատանքի այսպիսի երջանիկ պահեր ապրելէ յետոյ ես կը ստանձնեմ իմ երկրորդ աշխատութիւնս ամբողջացնելու  գործը», – իր խօսքը եզրափակեց Գէորգ Յակոբեան:

Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Գէորգ Պ. Յակոբեանին պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան», Մաքրուհի Յակոբեանին` «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալներով, իսկ Մայտա Սարիսին` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով:

Scroll Up