Թորոնթոյի Քաղաքային Խորհուրդի Անդամ Ճէյմս Գարիկիանիսն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Փետրուար 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ Ճէյմս (Ճիմ) Գարիկիանիսը:

Ճիմ Գարիկիանիս 2017թ-ի Փետրուար 20-ին ԼՂՀ սահմանադրական հանրաքուէին որպէս միջազգային դիտորդ ներկայացուցած է Գանատայի կառավարութիւնը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց գանատացի քաղաքական գործիչի աշխոյժ դիրքորոշումը ազգային փոքրամասնութիւններու շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հիմնախնդրի լուծման ուղղութեամբ, կարեւոր նկատեց  վերջին տարիներուն իրականացուցած գնահատելի աշխատանքը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ես ուրախ եմ Ձեզ ողջունել, տեղեակ եմ Ձեր հայանպաստ գործունէութեանը: Յոյները եւ հայերը մօտ են ազգային հոգեկերտուածքով, պատմութեամբ ու աւանդոյթներով»:

Ճէյմս Գարիկիանիսը  շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, շեշտեց, որ սիրով եւ ոգեւորութեամբ կ´այցելէ Հայաստան: Ան նշեց. «Ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան, օրերս եղած եմ Արցախ եւ շատ տպաւորուած եմ այդ փոքրիկ երկրով ու անոր հերոսական ժողովուրդով: Ես իսկապէս կը հասկնամ եւ կը գնահատեմ  ձեզ, ծանօթ եմ ձեր ժողովուրդի պատմութեան: Եղած եմ Վան, Սասուն, Տիարպեքիր, շատ հանդիպումներ  ունեցած եմ հայերու հետ»:

 Գարիկիանիս  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար 2014թ. Հայաստանի մէջ պարգեւատրուած է «Մխիթար Գոշ» մետալով եւ 2014թ.Արցախի մէջ «Ոսկի» մետալով:

img_7461

 

Scroll Up