Արժանթինի Խորհրդարանի Պատգամաւորը Եւ Արժանթինի Հայկական Համագումարի Ներկայացուցիչը Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծին վերաբերեալ հանրաքուէին դիտորդական առաքելութեամբ մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող Արժանթինի խորհրդարանի պատգամաւոր, Քաղաքացիական ռատիքալ միութեան անդամ Պրենտա Օստինը եւ Արժանթինի հայկական համագումարի ներկայացուցիչ Նիքոլաս Սապունճեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց հեռաւոր Արժանթինի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը ազատ, ինքնիշխան, ժողովրդավարական Արցախի պետականութեան կայացման գործընթացքին: Ան նշեց, որ այցելելով Արցախ եւ անձամբ տեսնելով, առնչուելով ստեղծագործ, ազատատենչ ու տաղանդաւոր ժողովուրդին, անոնք կը համոզուին, որ իրենց հողին վրայ հազարամեակներ ապրող ու արարող ժողովուրդը ընդամէնը իրացուցած է իր ինքնորոշման իրաւունքը: «Ուրախ եմ, որ դուք` դիտորդներդ ներկայ էք գտնուելու ժողովրդի կամքի արտայայտմանը: Դուք կը վայելէք Արցախի հրաշալի բնութիւնն ու ղարաբաղցու բացառիկ հիւրասիրութիւնը: Կը տեսնէք, որ միջազգային ընդունուած կանոններին համապատասխան, ձեր անմիջական մասնակցութեամբ ինչպիսի արդար ու թափանցիկ հանրաքուէ է իրականացուելու, ինչպիսի բարձր իրաւագիտակցութիւն ունեցող ժողովուրդ է ապրում Արցախում»,- աւելցուց նախարարը:

Ան նշեց, որ Արժանթինի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները շատ սերտ ու բարեկամական են. «Մենք շատ հեռու ենք Արգենտինայից, բայց 120 հազար «դեսպան» ունենք` հրաշալի եւ կայացած հայկական համայնք, որը ակտիւօրէն է մասնակցում համազգային ձեռնարկներին, ի դէմս Էդուարդօ Էռնեկեանի, նաեւ նպաստում են Հայաստանի տնտեսութեան զարգացմանը:

Պրենտա Օստին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ իր կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահն է, որ առաջին անգամ Արժանթինի մէջ արտասանած է Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը եւ օրինակ ծառայած ուրիշներուն համար, ինչպէս նաեւ ճանչցած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: «Իսկ այսօր, վստահ եմ, որ մենք կը կատարենք մեր Առաքելութիւնը` Արցախի մէջ ճանչնալով եւ յարգելով մարդու իրաւունքները»:

Նախարարը եւս վստահութիւն յայտնեց, որ տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրական բարեփոխման գործընթացքին, պիտի ըլլայ եւս մէկ քայլ դէպի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումն ու Արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ հանգուցալուծումը:

77 78

Scroll Up